22 February, 2024

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՆ ԺՈԶԵՖ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ՕԹԵԼ ՏԻՕ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի կարեւորագոյն համալսարաններէն՝ Սեն Ճոզեֆի տնօրէն փրոֆ. հայր Սելիմ Տաքքաշ եւ Օթել Տիօ հիւանդանոցի տնօրէն Նասիպ Նասեր:
 
 
Հանդիպումին ներկայ էին Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ բժիշկ Համբիկ Քուրիէ:
 
 
Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր գործակցութիւն մը ստեղծել յիշեալ ազգային բուժարանին եւ հիւանդանոցին, այլեւ Կաթողիկոսարան-համալսարան-հիւանդանոցին միջեւ:
 
 
Այս առաջին հանդիպումէն ետք, որոշուեցաւ հանդիպումները շարունակել աւելի գործնական հարցեր քննարկելու համար: