Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2024-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Հանդիպման ընթացքին ընդհանրապէս քննարկուեցան Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Կեդրոնական Կոմիտէն իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն Հայրապետին Լիբանանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան եւ գործնական զօրակցութեան համար:
Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով Լիբանանի հայ համայնքէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցող դրական նախաձեռնութիւնները՝ կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդը մեր համայնքի կառոյցներուն շուրջ համախմբելու եւ համայնքին կազմակերպչական նոր թափ տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: