Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԻՇԽԱՆԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԲԱՐԵՐԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԸ

Ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի խնդրանքին եւ ի գնահատութիւն երկար տարիներու ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործունէութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխանի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց բարերար Երջօ Սամուէլեանը։

Այս առիթով հրապարակուած Հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ կերպով բնութագրած է եկեղեցական ու ազգային բնագաւառին մէջ բարերար Սամուէլեանի գործունէութիւնը. «Լիբանանի հայութիւնը Ձեզ ճանչցաւ, որպէս լուսարձակներէ հեռու, սակայն իր ազգային, եկեղեցական, կրթական ու ընկերային կեանքէն ներս բազում բարերարութիւններով կարեւոր ներդրում ունեցող սրտակից ազգային ու առատաձեռն բարերար։ Լիբանանեան պատերազմի թէժ օրերուն, Լիբանանի Ազգ. Առաջնորդարանը ստիպողաբար հեռացաւ իր կայքէն եւ գործեց շատ ծանր ու դժուար պայմաններու մէջ։ Պուրճ Համուտի մէջ նոր Առաջնորդարան մը կառուցելու անյետաձգելի ծրագիրը իրականացաւ շնորհիւ Ձեր իշխանական նուիրատուութեան։ Նորակառոյց Ազգ. Առաջնորդարանի համալիրէն ներս Երջօ Սամուէլեան անունով մկրտուած սրահը Մենք կը նկատենք շօշափելի վկայութիւն մը՝ Լիբանանի հայութեան բարձր գնահատանքին ու խոր երախտագիտութեան։ Քաջ գիտենք, որ Աստուծոյ կողմէ Ձեզի շնորհուած բարիքները անաղմուկ ու առատաձեռն կերպով բաժնած էք մեր ժողովուրդին, յատկապէս կարիքաւոր դասին հետ՝ թէ՛ Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին ճամբով եւ թէ առանձնապէս՝ Զուարթնոց Կեդրոնէն սկսեալ մինչեւ Թռչնոց Բոյն, եւ հոգալով համեստ ընտանիքներու զաւակներուն կրթաթոշակը ու չքաւոր հիւանդներու բժշկական խնամքին ծախսերը»։

Սրբատառ կոնդակի աւարտին, Հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուցած է առ Աստուած, որ բարերար Երջօ Սամուէլեանին ու անոր հարազատներուն պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ Իր օրհնութեամբ վարձահատոյց ըլլայ անոնց։