19 February, 2024

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՆՇԵՑ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50 ԱՄԵԱԿԸ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, իր հիմնադրութեան 50 ամեակին առիթով, յոբելինական եզակի համերգ մը տուաւ արուեստասէր ու երաժշտասէր հանրութեան, Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Էմիլ Լահուտ սրահին մէջ, Տըպայէ, Լիբանան։

 

Յոբելինական համերգը տեղի ունեցաւ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի վրայ Համբիկ Մարտիրոսեանի նուագակցութեամբ։

 

Համերգը նախատեսուած էր կայացնել անցեալ տարի, սակայն Արցախի ցաւալի կացութեան հետեւանքով յետաձգուած էր։

 

Երջանկայիշատակ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի դաշնաւորումով «Տէրունական Աղօթք»ի գեղեցիկ կատարողութեամբ ընթացք առաւ երգչախումբի 50 ամեակին նուիրուած համերգը։

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար հայր սուրբը։ Ան ըսաւ, որ ամեակները հանգրուանի մը աւարտը ըլլալու կողքին` նոր սկիզբ ու կենսունակութիւն պարգեւող առիթներ են։ Այսօրուան յոբելինական համերգը յետադարձ ակնարկով կը գնահատէ «Շնորհալի» երգչախումբին անցեալի առաքելութիւնը՝ աւելի փայլուն ապագայի մը տեսլականով։ Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ այս տարեդարձը կ՚իրականանայ շնորհիւ երկար տարիներու վրայ տարածուած երգչախումբի բազմահարիւր անդամներու կամաւոր ու նուիրեալ ծառայութեան ու մանաւանդ՝ հաւատքին։ Ան աւելցուց, որ երգչախումբին ճամբով ա՛լ աւելի կապուածութիւն մը ստեղծուած է ժողովուրդին ու հայ եկեղեցւոյ եւ անոր ներկայացուցած արժէքներուն միջեւ։ Խմբավարը իր խօսքը աւարտեց պատիւ ու երախտագիտութիւն արտայայտելով բոլոր ծառայածներուն ու ծառայողներուն եւ որդիական շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Հայրապետին՝ մնայուն աջակցութեան ու հոգածութեան համար։ «Թող Աստուծոյ շունչը, Ս. Ներսէս Շնորհալիի ոգիով ու հաւատարմութեամբ, միշտ արձագանգէ բոլորիս մէջ եւ լուսաւորէ մեր միտքերն ու հոգիները» աղօթաբոյր այս բառերով հայր սուրբը եզրափակեց իր խօսքը։

 

Քաղցր յիշատակներով լի հին օրերու լուսանկարներու շարանը եւ «Շնորհալի» երգչախումբին անցեալի ղեկավարներու մշակումներու ու յօրինումներու կատարումը բեմին վրայ՝ ներկաները ապրեցուցին անցեալի ու ներկայի ներդաշնակումը, հին օրերու քաղցրութիւնը եւ ապագային նկատմամբ վառ յոյսերն ու տեսլականները։ Լսեցինք Գէորգ Գանտահարեանի ձօնուած «Երգ Հաւատարմութեան»ը՝ Ռոբերտ Ամիրխանեանի յօրինումով եւ Սարգիս Կիրակոսեանի գրիչով։ Հոգեզմայլ այս կտորին մեներգողները եղան Քրիսթին Անտէքեանն ու Ղազար Քէօշկէրեանը։ Յատուկ խորհրդաւորութեամբ մեր հոգիները լեցուեցան Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի մշակած «Տէր Ողորմեա»ով, «Իմաստութիւն»ով, «Սուրբ Խօսքդ Տէր»ով, «Փառք Քեզի»ով՝ Մարօ Սարգիսեանի մեներգութեամբ, «Աստուծոյ Զաւակներ»ով եւ «Ցայգանուագ»ով։ Ունկնդրեցինք Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի մշակումով «Տարածեալ»ը ու վայելեցինք Կոմիտաս Արք. Օհանեանի մշակած «Բաց Մեզ Տէր»ը՝ Կարօ Քէլէշեանի չքնաղ ձայնով։ Վաղինակ Վրդ. Մելոյեանի բառերու ու Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի երաժշտական ստեղծագործութեամբ երգուեցան «Տուր Ինծի Տէր»ը եւ «Մսուրածին Թագաւոր»ը, ինչպէս նաեւ՝ Թորգոմ վարդապետին կիսասարկաւագութեան օրերուն մշակած «Երանելի Սուրբ Առաքեալք»ը՝ Ղ. Քէօշկէրեանի մեներգութեամբ։ Երգուեցաւ նաեւ «Ապրիլ Կրկին» Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած երգը՝ Զաքար Քէշիշեանի երաժշտութեամբ եւ Վարդան Թաշճեանի բառերով։ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի գործերէն ճաշակեցինք «Աղօթք Ամանորի»ն՝ Վարդգէս Ղազարեանի տպաւորիչ մենակատարութեամբ, «Յայտնութիւն 12.10-12»ն եւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի սքանչելի մենակատարութեամբ ներկայացուցած՝ «Փառք Քեզ Աստուած»ը, որ կարծես ամբողջ սրահը պատեց «Շնորհալի» երգչախումբի յիսնամեայ առաքելութեան ծառայողներու ոգեղէն ներկայութեամբ՝ Աստուծոյ փառք տալու յուզիչ երգին ճամբով։

 

Երեկոն աւարտին հասաւ Նորին Ս. Օծութեան հայրական պատգամով։ Հայրապետը ըսաւ. «50 տարիներու իրագործուած առաքելութեան մը դիմաց ենք։ Առաքելութիւն մը կ՚իրագործուի հաւաքական աշխատանքով, անմնացորդ նուիրումով ու գիտակից յանձնառութեամբ։ Ինչ որ տեսաք եւ լսեցիք երգչախումբին ճամբով, բառին հարազատ հասկացողութեամբ առաքելութիւն էր։ 50 տարիներու առաքելութիւնը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ»։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ առաքելութիւն մը կ՚իրագործուի առաքեալներով, իսկ այս գիշեր ո՛չ միայն տօնախմբութեան գիշեր է, այլ նաեւ յարգանքի երեկոյ է՝ հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք այս առաքելութիւնը 50 տարիներու վրայ տարածուած իրագործեցին. «առաջին հերթին, հարկ է յիշել երջանկայիշատակ զոյգ վեհափառ հայրապետները՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը, որ հիմնադիրը եղաւ «Շնորհալի» երգչախումբին, եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ իր հայրական օրհնութեամբ իր բարոյական զօրակցութիւնը տուաւ երգչախումբին։ Այս երեկոյ պէտք է յիշել նաեւ այն բոլոր խմբավարները, որոնք, որեւէ ակնկալութենէ հեռու, իրենց կարելին կատարեցին, որպէսզի երգչախումբը շարունակէ իր առաքելութիւնը», նշեց ան ու յիշեց նաեւ երգչախումբի հին ու նոր բոլոր անդամները, նուագողները եւ այս աշխատանքին նուիրուած բոլոր կամաւորները։ Հայրապետը աւելցուց, որ երգչախումբի մը որակը, արուեստի աշխարհէն ներս, իր իրագործումներուն մէջ կ՚արտացոլայ, սակայն «Շնորհալի» երգչախումբին պարագային հարկ է նկատի առնել նաեւ անոր տարած առաքելութիւնը՝ մշակոյթի ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եւ այս մէկը մեր արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ. մենք պէտք է այդ մէկը տօնախմբենք նաեւ այսօր, ընդգծեց ան։ Խօսելով լիբանանահայ գաղութին հայկական մշակոյթին ունեցած ներդրումին, բնականաբար ի մասնաւորի «Շնորհալի» երգչախումբին ճամբով, Հայրապետը նկատել տուաւ, որ գաղութը կենսական կարիքը ունի վերակազմակերպումի եւ առաւել քան երբեք, անցեալի նման, կոչուած է ըլլալու սիրտն ու ողնասիւնը Սփիւռքի հայութեան։ Այս առումով Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղեց, որ այս հաստատումը չմնայ լոզունգի սահմաններու մէջ, այլ վերածուի մարտահրաւէրի։ Վերջապէս, ան իր հայրական գնահատանքը յայտնեց ղեկավար հայր սուրբին ու անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով մասնակցութիւն բերած են ու կը բերեն «Շնորհալի» երգչախումբի գործունէութեան։ Ան մաղթեց, որ այս 50-ամեակը առիթ ըլլայ նայելու դէպի ապագայ ու վերանորոգելու աշխատանքի կորովն ու տեսլականը։

 

Համերգը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգի միաձայն երգեցողութեամբ։