2023 տարուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկեց հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով ըլլալ մեր ժողովուրդին հետ, իրազեկ դառնալ գաղութներէն ներս տարուող վարչակազմակերպչական աշխատանքներուն եւ գաղութներու վերակազմակերպան աշխատանքներու գծով փոխանցել իր թելադրութիւնները։
Արդարեւ, Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)։ Տասը օրուան այս այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Ապու Տապին, Տուպայը եւ Շարժան։ Այս ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, թեմական ու համայնքային զանազան մարմիններու ու կառոյցներու եւ միջ-եկեղեցական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հետ։
Ապու Տապիի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական դիմաւորութեան ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆուատ Տանտան Շհապ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Գրիգորեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեան, ազգային բարերար Արա Խանոյեան եւ այլ ազգայիններ։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպաններուն, ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ ազգային վարչութեան անդամներուն եւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն հետ։
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան Կաթողիկիսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-կրօնական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։