29 January, 2024

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԳԱՄԵՑ ՇԱՐԺԱՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

«ՀԵՏԵՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՌՆԱԼ ԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻՆ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատոյց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան:

 

Ս. Պատարագին Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էին Քուէյթի եւ ծոցի երկիրներու հայոց թեմի առաջին առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան, Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արամ Աւ. Քհն. Տէյիրմէնճեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Ա.Մ.Է.ի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեան, թեմի ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ ազգային վարչութեան անդամները:

 

Ս. Պատարագի ընթացքին, նախքան Հայրապետական պատգամը, առաջնորդ սրբազան հայրը խօսք առնելով՝ յիշեց 25 տարիներ առաջ Հայրապետին ձեռամբ այս եկեղեցւոյ օծումը։ Այսօր, 25 տարիներ ետք, ահաւասիկ Նորին Սրբութիւնը կը գտնուի օծեալ նոյն Ս. Խորանին վրայ իր Հայրապետական պատգամը ուղղելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ կայք հաստատած մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդգծեց, թէ Նորին Սրբութեան հովուապետական օրհնաբեր այցելութիւնը թեմէն ներս առիթ պիտի ընծայէ վերանորոգ հաւատքով ու առաւել նուիրուածութեամբ լծուելու մեր ազգին ծառայութեան: Ապա, Մեսրոպ սրբազան նախ որդիական երախտագիտութեամբ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը եւ անոր մաղթեց ընդ երկայն եւ արդիւնաբեր գահակալութիւն։ Եղբայրական ջերմ զգացումներով նաեւ ողջունեց Օշական սրբազան հայրը, որ առաջին առաջնորդը եղած է Քուէյթի եւ ծոցի երկիրներուն. եւ վերջապէս ողջունեց եկեղեցւոյ մէջ ծառայողները, թեմի եկեղեցականաց դասը եւ Վեհափառ Հայրապետի ընկերացող շքախումբը: Ապա, սրբազան հայրը հրաւիրեց Հայրապետը՝ իր Հայրապետական պատգամը փոխանցելու։

 

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ ողջունելով առաջնորդ սրբազան հայրը՝ նշեց, որ անոր առաջնորդական ծառայութեան ընթացքին թեմը առաւել ծաղկեցաւ ու վերակազմակերպուեցաւ: Սրբազան հայրը այլ համայնքներու եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակեց, որոնք մեծապէս նպաստեցին մեր գաղութի կեանքի առաւել կազմակերպման եւ ճանաչման: Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ ողջունեց ազգային իշխանութիւնը, որ սերտօրէն գործակցելով առաջնոր սրբազան հօր հետ՝ լծուած է թեմին եկեղեցական եւ ազգային կենսունակութիւն տալու աշխատանքին:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին բնաբանը ընտրած էր Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մտ 16.24): Ան երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Քրիստոսի խօսքին իմաստն ու պատգամը: Առաջին, քրիստոնէութիւնը ուսուցումներու ու աւանդութիւններու ամբողջութիւն մը չէ, այլ Քրիստոսակեդրոն կեանք է: Քրիստոս է, որ Իր ներկայութեամբ մեր կեանքին իմաստ կու տայ: Ան մեր առջեւ կը բանայ ճշմարիտ ճամբան եւ ցոյց կու տայ իրաւ ճշմարտութիւնը: Հետեւաբար, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ապրիլ Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ: Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդը վերամարդացնէ՝ Աստուածային պատկերին համաձայն: Հետեւիլ Քրիստոսի կը նշանակէ բացուիլ Բեթղեհէմէն աշխարհին յայտնուած արժէքներուն ու առաւել կեանքին, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան իր երկրորդ կէտին մէջ շեշտեց, որ Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մասնակից դառնալ: Եկեղեցին կը դառնայ սոսկ շէնք, երբ ան չի շնչաւորուի մեր մասնակցութեամբ: Եկեղեցւոյ կեանքին մեր մասնակցութեամբ է, որ մեր համայնական կեանքը կը վերածուի եկեղեցւոյ: Հետեւաբար, մեր քրիստոնէական կեանքը պէտք է ապրինք Քրիստոսի խորհրդական մարմինին՝ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան բերելով մեր մասնակցութիւնը: Այս եկեղեցին դուք շինեցիք 25 տարիներ առաջ: Այս եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, միաժամանակ՝ մեր ազգին տունը: Քրիստոս միշտ կը հրաւիրէ մեր զաւակները, որպէսզի իրենց մասնակցութեամբ իրենց քրիստոնէական կեանքին ինքնութիւն ու նպատակ կարենան տալ: Հայրապետը իր պատգամի երրրորդ կէտը յատկացուց ծառայութեան: Ան ընդգծեց, որ Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ ծառայել մեր նմանին, ազգին ու Հայրենիքին, ինչպէս Քրիստոս ինք կ՚ըսէ. «Մարդու Որդին, Ինքն ալ, չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասարկութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու» (Մտ 20.28): Ուստի, ծառայութիւնը ինքնընծայում է: Քրիստոս խաչ բարձրանալով՝ ցոյց տուաւ ծառայութեան ճշմարիտ իմաստը: Արդ, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ծառայել բարի սամարացիին օրինակով, այսինքն օգնել աղքատին, կարիքաւորին, զրկեալին ու հալածուածին: Այս յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին դարեր շարունակ ծառայեց մեր ազգին ու Հայրենիքին: Այսօր եւս, մեր եկեղեցին վերակոչուած է վերաշեշտելու իր ծառայական կոչումը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

 

Ս. Պատարագէն ետք, Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած հայոց Այբուբենը բովանդակող յուշակոթողին մօտ, ուր Հայրապետը կատարեց յուշակոթողին օրհնութիւնը: Ապա, Օհաննէսեան ազգային միօրեայ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: