Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻՍ ՄՕՐԷՆՕ ՕՔԱՄՓՈՅԻ

Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ անոր առաջին դատախազ (2003-2012) Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային Քրէական Դատարան ներկայացնելու կարելութիւններուն:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դատախազին ընկերացող Միջազգային Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան:

Հանդիպումէն ետք, անոնք ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին:

Յայտնենք, որ Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ Անթիլիաս կը գտնուի Նորին Սրբութեան հրաւէրով. Ուրբաթ գիշեր ան հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս եւ Շաբաթ առաւօտ ներկայ պիտի գտնուի Արցախի նուիրուած համագումարի առաջին նիստին: