«ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՄՂԻՉ ՈՅԺ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ լիբանանեան համայնքի գործատէրերու խորհուրդի միացեալ կազմակերպութեամբ, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին շուրջ 150 անձեր։
Իր բարի գալստեան խօսքին մէջ դեսպան Տանտան Վեհափառ Հայրապետը նկատեց այն անձնաւորութիւնը, որ Լիբանանի դատին, վերածաղկումին ու վերականգնումին ամէնէն ազդու ձայներէն մէկն է միջազգային շրջանակներէն ներս, ինչպէս որ լիբանանահայութիւնը՝ Լիբանանի ծաղկման ամէնէն կարեւոր ազդակներէն մէկը:
Իր խօսքին մէջ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի առաւելութիւններուն ու իւրայատկութիւններուն եւ անոր դիմագրաւած տագնապներուն: Նորին Ս. Օծութիւնը խօսելով Լիբանանի առանձնայատկութիւններուն մասին՝ շեշտեց երկրի համայնքային դրութիւնը, քրիստոնեայ-իսլամ գոյութենական երկխօսութիւնը, Լիբանանի կամուրջի դերը Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ, ինչպէս նաեւ անոր բնական-տնտեսական լայն կարելիութիւնները, որոնք Լիբանանին տուած են իւրայատուկ նկարագիր ու դերակատարութիւն՝ թէ՛ արաբական աշխարհէն եւ թէ՛ միջազգային համայնքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք յիշեալ կէտերուն՝ խօսեցաւ Լիբանանը շրջապատող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին: Ան ըսաւ, որ ուրիշին ներկայութիւնը երբեմն դրական, սակայն յաճախ բացասական հետեւանքը ունեցած է Լիբանանի մէջ: Այս գծով, լիբանանցին յատուկ զգուշաւորութիւն ցոյց պէտք է տայ, որպէսզի իր երկիրը ուրիշներուն մրցակցութեան ու հակադրութեան դաշտ չդառնայ: Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ օրէնքի բացակայութիւնը եւ թափանցիկութեան ու հաշուետուութեան պակասը: Այս երեւոյթները իրենց քանդիչ հետեւանքները ունեցան Լիբանանէն ներս, յատկապէս վերջին շրջանին տեղի ունեցած դրամատուներու եւ ընկերա-տնտեսական տագնապը:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ Լիբանանը ինքզինք վերականգնելու կարողութիւնը ունի: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ շրջանային ու միջազգային ոյժերը գործնապէս զօրավիգ կանգնին Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ վերականգնել իր եզակի դերը։
Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայաստանի դեսպանը, Տուպայի մէջ Լիբանանի հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ հայ ու լիբանանեան համայնքները ներկայացնող անձնաւորութիւններ ու անհատներ։