26 February, 2024

SEMAS-Ի ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԲԱԺԱԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Soroban Education Mental Arithmetic System-ի (SEMAS) Պուրճ Համուտի խումբ մը փոքրիկներ, որոնք եկած էին ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը եւ ներկայացնելու Լիբանանի ախոյանութեան վերջերս ձեռք բերած իրենց յաղթանակի բաժակը։ Յայտնենք, թէ SEMAS-ը ուսումնական կեդրոն մըն է՝ վաւերացուած Լիբանանի պետութեան կողմէ, որ 5-15 տարեկան փոքրիկներուն ու պատանիներուն կը սորվեցնէ ճափոնական մեթոտներով թուաբանական հաշուարկումներ կատարել։ Այս մեթոտը կը զարգացնէ փոքրիկներուն մտային եւ թուաբանական կարողութիւնները՝ միայն օգտագործելով իրենց մատները։ Ճափոնական ուսումնառութեան մեթոտը առաջին անգամ Լիբանան բերած եւ կիրարկած է Քէնտիրճեան ընտանիքը։

 

Խօսք առնելով կեդրոնի տնօրէնուհի Սեւան Քէնտիրճեան-Շէրպէթճեան՝ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ հակառակ Հայրապետին բազմազբաղ ժամանակացոյցին, պատեհ առիթ ստեղծեց ըլլալու փոքրիկներուն հետ եւ անոնց շահած մրցանքին՝ ուրախակից։ Տնօրէնուհին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւններ տուաւ Հայրապետին SEMAS-ի մասին՝ միաժամանակ նշելով, թէ կեդրոնը, զանազան երկիրներու մէջ, մասնակցած է միջազգային տարբեր մրցումներու՝ ձեռք ձգելով պատուաբեր արդիւնքներ եւ ախոյանութիւններ, որոնցմէ է վերջին շրջանին Լիբանանի 5-րդ ազգային մրցաշարքին առաջին դիրքի գրաւումը։ Ապա, գործնական օրինակներով, Հայրապետը ու փոքրիկները միասնաբար որոշ փորձարկութիւններ կատարեցին։

 

Ի տես յիշեալ կեդրոնին տարած կարեւոր աշխատանքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց Քէնտիրճեան ընտանիքը, որ ստանձնած է նման նախաձեռնութիւն մը եւ ներմուծած մեր համայնքի կրթական կեանքին եւ կը միտի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուսումնառութեան ունակութիւնները առաւել եւս զարգացնել։ Խօսքը ուղղելով աշակերտներու ծնողներուն՝ Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց ուսման հրամայականը՝ համաշխարհայնացման մարտահրաւէրներու լոյսին տակ եւ կարեւորեց յատկապէս հայ դպրոցին եւ ընդհանրապէս ուսումնառութեան կեդրոններուն եզակի ու իւրայատուկ կարեւորութիւնը հայու կերտման ու հայու կազմաւորման աշխատանքներուն մէջ։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց SEMAS կեդրոնի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ աշակերտներու ծնողներուն, որոնք հաւատալով հայ դպրոցին դերակատարութեան ու առաքելութեան՝ իրենց զաւակները եւ անոնց ուսումնառութիւնը յանձնած ու վստահած են հայ դպրոցին։

 

Յայտնենք, որ յիշեալ կեդրոնը Լիբանանի տարածքին ունի չորս մասնաճիւղեր՝ հաստատուած Պուրճ Համուտի, Զալքայի, Այնճարի ու Զահլէի մէջ եւ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը շուրջ 200 է։