25 January, 2024

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ:

 

Նորին Սրբութիւնը նախ այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։ Դեսպանատան մէջ ներկայ էին Ապու Տապի հաստատուած հայ եւ լիբանանցի անձնաւորութիւններ։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող ներկայ հարցերուն։

 

Դեսպանը նախ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը եւ յիշեց Լիբանանի հայութեան բերած գործօն մասնակցութիւնը՝ երկրին ծաղկման ու շինութեան եւ հայութեան կառչածութիւնը Լիբանանի համակեցութեան ու արժէքներուն։ Միաժամանակ ան ընդգծեց Նորին Սրբութեան կարեւոր դերը Լիբանանի միասնականութեան պահպանման եւ արտաքին աշխարհին մէջ անոր ներկայութեան ամրապնդման:

 

Խօսք առնելով Նորին Ս. Օծութիւնը՝ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Լիբանանը հայ ժողովուրդին համար դարձած է երկրորդ հայրենիք, յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք: Վեհափառ Հայրապետը յիշեց Լիբանանի կարեւորութիւնը՝ իբրեւ կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան երկիր, նաեւ այն յատուկ սէրն ու յարգանքը, որ այլ երկիրներ ունին Լիբանանի նկատմամբ եւ անոնց սպասումը՝ կարելի փութով Լիբանանը վերականգնումի ու վերածաղկումի ընթացքին մէջ մտնելու:

 

Խօսք առաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ յիշեց, թէ Ա.Մ.Է.ի եւ Լիբանանի դեսպանատան միջեւ գործակցութեան սերտ կապեր գոյութիւն ունին՝ վստահեցնելով, որ հայ համայնքը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ դեսպանատան ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ ընդունուեցաւ դեսպան Կարէն Գրիգորեանի կողմէ, շրջապատուած դեսպանատան անձնակազմի անդամներով:

 

Դեսպան Գրիգորեան ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը՝ յայտնեց, որ այս օրերուն, երբ մեր ազգը ու յատկապէս Հայաստանը կը դիմագրաւեն լուրջ դժուարութիւններ, մաղթանքն է, որ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը դառնայ օրհնաբեր: Դեսպանը իր վստահութիւնը յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը իր այցելութիւններու ընթացքին միշտ կ՚անդրադառնայ Հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իր կարելին ի գործ կը դնէ մեր տագնապներու լուծման ճամբաներ ու կարելիութիւններ որոնելու համար:

 

Խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի հայկական հողի վրայ եւ ապա ընդգծեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքները՝ ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան հզօրացման, անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման:

 

Անդրադառնալով ներկայ կացութեան՝ Հայրապետը յայտնեց, որ Հայաստանը շրջապատուած է լուրջ տագնապներով: Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները փաստօրէն փայլուն ու յուսալից չեն: Ներկայ ճակատագրական ժամանակներուն աւելի քան երբեք հրամայական է մեր ոյժերուն համախմբումը՝ ազգին ու Հայրենիքին ընդհանրական շահերուն շուրջ, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:

 

Հանդիպման աւարտին յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ, որմէ ետք, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ դեսպանատան պարտէզին մէջ, ներկայութեամբ դեսպանատան պաշտօնեաներուն, Ա.Մ.Է., Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, ինչպէս նաեւ թեմի ազգայիններուն ու բարերարներուն: