ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին այցելեց Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը (Զ.Ո.Մ.)՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները։ Հանդիպումին ներկայ էր Զ.Ո.Մ.ի մօտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան։

 

Զ.Ո.Մ.ին անունով սրտի խօսք արտասանեց Միութեան ատենապետ Սանահին Թոմասեան։ Ան ըսաւ, որ Միութիւնը կը բոլորէ իր 120 ամեակը. 2024 տարուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներու ու ծրագիրներու ճամբով լուսարձակի տակ պիտի առնուի Միութեան 120-ամեայ գործունէութիւնը եւ, իբրեւ մեկնարկ յիշեալ ձեռնարկներուն, Միութեան անդամները ահաւասիկ կը գտնուին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ստանալու համար Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը, թելադրութիւնն ու ցուցմունքները, որպէսզի յառաջիկայ տարիներուն անոնք կարողանան շարունակել իրենց վստահուած աշխատանքը։ Ապա, Թոմասեան խնդրեց Հայրապետէն, որ իր պատգամը ուղղէ Զ.Ո.Մ.ականներուն։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես յատկապէս վերջին շրջանին երիտասարդներու երուզեռին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, որ ցցուն արտայայտութիւնն է երիտասարդութեան վստահուած դերակատարութեան մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ։ Արդարեւ, ան ողջունեց Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անդամներուն ներկայութիւնը Կաթողիկոսարանի յարկին տակ եւ շնորհաւորեց անոնց 120-ամեայ գործունէութիւնը։

 

Իր խօսքին մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց համալսարանական ուսանողութեան կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս եւ շեշտեց երիտասարդներուն ունենալիք ներդրումը մեր գաղութներու գործունէութեան։ Ան յայտնեց, որ հայ կեանքը, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, անհրաժեշտ կարիքը ունի վերակազմակերպումի, որուն արդէն իսկ ձեռնարկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, եւ այս առումով երիտասարդներուն դերը հրամայական է, որպէսզի նախկին ու ներկայ սերունդներուն միջեւ կամուրջ մը ստեղծելով՝ կարողանանք հաւաքական ճիգով ու միասնակամութեան ոգիով մեր համայնքներուն ու գաղութները կեանքը շարունակել վերանորոգ թափով՝ ի պայծառութիւն մեր կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն։ Այս սրբազան գործին մէջ երիտասարդութիւնը իր ըսելիքը եւ ընելիքը հարկ է ունենայ, որովհետեւ ան է մեր կեանքին արիւն ներարկող գործունեայ ու աշխոյժ տարրը։

 

Այս մտածումներէն մեկնած՝ Նորին Սրբութիւնը իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն՝ դարձեալ շնորհաւորեց Զ.Ո.Մ.ին 120 ամեակը եւ անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն ու հայանպաստ ծրագիրներուն համար յաջողութիւն ու վերելք մաղթեց։

 

Աւարտին, Զ.Ո.Մ.ականները իրենց հարցումները ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ հայ դատին, Արցախին, Հայաստանին եւ Սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած հարցերու շուրջ։

 

Հայրապետի խօսքին աւարտին, ատենապետ Սանահին Թոմասեան յուշանուէր մը յանձնեց Նորին Սրբութեան՝ Միութեան 120 ամեակին առիթով։