ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ին, հայ եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները: Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. Ծննդեան Պատարագը մատոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Արեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի»…