30 January, 2024

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏՈՒՊԱՅԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Տուպայի լիբանանեան հիւպատոսարանը, ուր դիմաւորուեցաւ հիւպատոս Ասսաֆ Տումաթի եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակային հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականները, Սուրբ Աթոռիս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան եւ անդամները, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեան եւ վարչութեան անդամները: Իսկ հիւպատոսին կողքին ներկայ էին իր անմիջական օգնականները:

 

Հիւպատոս Տումիթ ողջունեց Հայրապետին այցելութիւնը՝ զայն նկատելով Լիբանանի զօրակցութեան շօշափելի մէկ արտայայտութիւնը. այցելութիւն մը, որ մեծապէս պիտի նպաստէ Էմիրութիւններու ու Լիբանանի յարաբերութեան առաւել զարգացման: Ան յիշեց, որ շուրջ 500,000 լիբանանցիներ կայք հաստատած են Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի զարգացման ու կը նպաստեն Լիբանանի ընկերա-տնտեսական կարիքներուն:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Լիբանանի հիւպատոսարանին մէջ եւ որ հիւպատոսարանը լծուած է պայմաններու բերումով Տուպայ հաստատուած լիբանանցիներու կարիքներուն օգտակար դառնալու աշխատանքին: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց հիւպատոսարանի գործունէութիւնը: Ապա, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մօտէն տեղեակ դարձաւ հիւպատոսարանի զանազան բաժանմունքներու գործունէութեան:

 

Նոյն օրը, Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ յաջորդաբար ընդունեց ազգային բարերարներ եւ թեմական կառոյցներու ատենապետներ: