16 February, 2024

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ԱՒԵՍԵԱՆՆ ՈՒ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքնանշանով պարգեւատրեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանն ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան։ Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)։

 

Արուեստաբոյր երեկոյեան բացման խօսքը արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ական Կալի Աւագեան, որ ընդգծեց արուեստի ու մշակոյթի կարեւորութիւնը հայու ինքնութեան կազմաւորման մէջ եւ վեր առաւ երկու արուեստագէտներուն վաստակն ու գործունէութիւնը, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով եզակի ներդրում ունեցած են եւ ունին հայ եւ միջազգային կեանքին մէջ։

 

Առ այդ, կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ներկաները վայելեցին Թետեսքովի «Աւազաթմբերի Միջոցով» կտորը՝ Ներսէս Չուլճեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ, Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս» բանաստեղծութիւնը՝ Հրակ Մամիկոնեանի մեկնաբանութեամբ, Առնօ Պապաճանեանի «Էլեգիա»ն՝ Մարք Կիւլկիւլեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ, եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Հովուի Երգը» ու Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր Մը Երկինք» հատուածները՝ Ծաւի ու Սալբի Թորիկեաններու ջութակի ու դաշնամուրի նուագակցութեամբ։

 

Արուեստագէտներ Վարդան Աւեսեանի եւ Մկրտիչ Միքայէլեանի հարուստ կենսագրականները ներկայացուցին Թամար Սնապեան-Սուրճեան եւ դոկտ. Էտի Թորիկեան։

 

Ապա, ընթերցուեցան արուեստագէտներուն պարգեւատրման Հայրապետական սրբատառ Կոնդակները՝ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանի եւ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեանի կողմէ, որմէ ետք Արամ Ա. Կաթողիկոս Աւեսեանին եւ Միքայէլեանին կուրծքերը զարդարեց հայ եկեղեցւոյ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ առ ի գնահատանք անոնց վաստակին ու ազգային սրբազան առաքելութեան։

 

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց իր օրհնութեան փակման խօսքը։ Ողջունելէ ետք երեկոն կազմակերպող Միութեան անդամները, բանախօսները, գեղարուեստական յայտագիրին մասնակից երիտասարդ արուեստագէտները, շքանշանակիրները, անոնց ընտանեկան պարագաներն ու ներկաները՝ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ մշակոյթին ազգի մը լինելիութեան արտայայտութիւն ըլլալը, ի շարս այլ յատկութիւններու, որ կ՚ապահովէ ազգին ինքնահասկացողութիւնն ու ինքնաճանաչումը։ Ան նշեց, որ մշակոյթը ո՛չ թէ լոկ պահելու ու պահպանելու ենք, այլ մեզի կ՚իյնայ զայն զարգացնելու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը, որովհետեւ միայն պահելու ու պահպանելու պարագային, ազգը կը դատապարտուի ճահճացումի։ Նորին Ս. Օծութիւնը շարունակելով իր խօսքը՝ ըսաւ, որ արուեստագէտը առաքեալ մըն է իր մարզին մէջ, որ ազգերու միջեւ երկխօսութիւն կը ստեղծէ, երկինքն ու երկիրը իրարու կը բանայ եւ երկնային արժէքները երկրաւոր մեր կեանքին մէջ կը թարգմանէ։ Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հարկիրճ վկայութիւններ տուաւ երկու արուեստագէտներուն մասին եւ մաղթեց, որ անոնց արուեստն ու աշխատանքը, իրենց աշխատելաոճին ու կորովին ընդմէջէն, վարակիչ ըլլան մեր ժողովուրդի կեանքին։