«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ»Ը ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անկրկնելի եւ անփոխարինելու անհուն լիցքաւորում մը կ՚ապրինք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուելուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն անոր օրհնութիւնը ստանալուն եզակի առիթով։ Մեծ սուրբին Խոր Վիրապ մուտքը, կրած չարչարանքներուն դէմ իր յաղթանակը եւ Հայաստան աշխահին մէջ քրիստոնէութեան պետականացումը մեր հաւատքին մէջ ամրանալու հրաւիրող միակ ազդակները չեն միայն, այլ նաեւ՝ սուրբին մասունքները պատմութեան փոթորիկներուն ընդմէջէն հրաշքով գտնուիլը, մեզի հասնիլը եւ սուրբին օրհնութիւնը մեր վայելելը։ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ, հակառակ մեր բազմաթիւ կորուստներուն, զուրկ չենք մնացած սուրբ հայրապետին օրհնաբաշխ Աջէն։

Ամէն տարի, Լուսաւորիչ հայրապետին մուտն ի վիրապի եւ «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ուան տօներուն առթիւ, հաւատացեալներ, իրենց ծխային եկեղեցիներուն Ս. Պատարագի աւարտին, կ՚ուղղուին Կաթողիկոսարան՝ Անթիլիասի Մայրավանք՝ ստանալու համար Վեհափառ Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ թափօրով բաշխուած սուրբին օրհնութիւնը եւ Ս. Աջով կատարուած օրհնուած ջուրէն բաժին մը։

Առ այդ, Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի։ Եկեղեցական արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Յաւուր պատշաճի խօսուած իր քարոզին մէջ Մակար սրբազան, առաջին հերթին, գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ, իբրեւ ուխտաւոր, առիթ շնորհեց մեզի նշելու յիշեալ զոյգ տօները։ Թէկուզ սուրբին կրած չարչարանքներուն տօնն է մեր նշածը, սակայն այդ չարչարանքներէն բխած արդիւնքն է մեզ տօնական մթնոլորտով պարուրողը, ըսաւ ան եւ մէջբերեց օրուան ճաշու ընթերցումէն Քրիստոսի յարութեամբ մեր յարութիւն ստանալու հատուածը։ Ան դիտել տուաւ, որ մեր ապրելակերպը պէտք է ներդաշնակ ու յարիր ըլլայ մեր երկնաքաղաքացիութեան։ Այս ըսելով՝ սրբազանը յիշեցուց, որ ի գին ամէն ինչի հարկ է մեր ուշադրութիւնը դարձնել դէպի երկինք՝ մեզի յաւիտենական ժառանգութեան արժանի դարձնող ճշմարտութիւններուն։

Իր քարոզին մէջ քարոզիչ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ այսօր Պօղոս առաքեալը մեզի անգամ մը եւս կը հրաւիրէ չմոռնալու, որ եթէ Քրիստոսով յարութիւն առած ենք, ապա Ան մեզի արժանի դարձուցած է հաղորդակից ըլլալու Իր փառքին։ Ուստի, սրբազանը խրատեց չտարուիլ անցողակի ու ժամանակաւոր բարքերով, այլ մեր ուշադրութիւնը սեւեռել երկնաւոր կեանքի առաջնահերթութիւններուն՝ ճշմարիտ, պարկեշտ ու արդար գործերու։ Վերջապէս, սրբազան հայրը ըսաւ, որ Ս. Մկրտութեան խորհուրդով Քրիստոսի հետ յարութիւն առինք եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդով կը հաղորդուինք Տիրոջ կենդանարար մարմնով եւ արեամբ։ Ս. Հաղորդութեան միջոցով Աստուծոյ հետ ապրիլ կը խնդրենք եւ Աստուած մեզի վեր՝ փառքէ-փառք կը բարձրացնէ ու Իր կենդանի ներկայութեան կանգնեցնելով՝ մեր միջոցով կը ներգործէ, կը հրաշագործէ ու կը կենսաւորէ այն միջավայրն ու շրջապատը, ուր կ՚ապրինք ու կը գործենք։ Վկա՛յ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեծ հայրապետին կեանքը։

Ս. Պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին աւանդական թափօրը կազմուեցաւ՝ բաղկացած միաբան հայերէ, Լիբանանի Թեմի քահանայից դասէն եւ Դպրեվանքի սաներէ ու հաւատացեալներէ։ Հայրապետը իր ձեռքին ունէր Լուսաւորչի Ս. Աջը, իսկ հոգեւորականաց դասը՝ եկեղեցւոյ պատկանող դարաւոր սրբազան մասունքներ, որոնցմով օրհնուեցաւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։

Թափօրի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք Մայր Տաճարի Ս. Խորանին վրայ դրուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքոյ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։