ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

«ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆՈՒԹԵԱՄԲ ԹԵՄԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄԻ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Այս հաստատումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Տուպայի մէջ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթի մասնակիցները, իր փակման խօսքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ 400 անձեր մասնակցեցան ճաշկերոյթին, որ դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին վերածաղկումի շօշափելի…