ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի Պատարագը։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեան սուրբ խորանէն առած լոյսը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։ Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Քրիստոսի լոյսը բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք ստանալով զայն՝ Սուրբ Ծննդեան աւետիսն…