Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱԶԳ. ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 27 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Շարժայի Օհաննէսեան ազգային միօրեայ վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին եւ վարժարանի փոքրիկ աշակերտներուն կողմէ։ Այցելութեան Հայրապետին կողքին ներկայ էին թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, միաբան հայրեր եւ թեմի ազգայինները, ժողովականները եւ զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչները։

 

Վարժարանի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ հայկական աւանդութեան համաձայն. հացի եւ աղի օրհնութենէն ետք, ան ուղղուեցաւ վարժարանի «Բիէր Քէօսէեան» սրահ, ուր աշակերտները երգերով ու դրօշներով բարի գալուստ մաղթեցին իրենց Հայրապետին։ Վարժարանի տնօրէնուհիին բարի գալստեան խօսքի արտասանութենէն ետք, տարբեր դասարաններու աշակերտներ հոգեւոր ու ազգային խոր պատգամներ պարունակող երգեր մեկնաբանեցին եւ թատրերգական կտոր մը ներկայացուցին։

 

Ապա, իր սրտի խօսքը արտասանեց Մեսրոպ Եպս. առաջնորդ սրբազան հայրը։ Յիշելով շուրջ տասը տարիներ առաջ իր առաջին այցելութիւնը վարժարան՝ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ յայտնեց, որ անցնող տասնամեակի ընթացքին, շնորհիւ գաղութի ժրաջան հաւաքական աշխատանքին, ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ, որպէսզի Շարժայի այս ազգային միօրեայ վարժարանը գաղութին հայթայթէ մարդուժ, որուն իբրեւ արդիւնք, ահաւասիկ մեր աչքերուն առջեւ կը տեսնենք սերունդ մը, որ թրծուած է ու կը թրծուի հոգեւոր ու ազգային ապրումներով ու արժէքներով։ Իր խօսքի աւարտին ան բեմ հրաւիրեց Հայրապետը, որպէսզի Հայրապետական պատգամով եզրափակուի յայտագիրը։

 

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ ձեւով.- Այսօր դուք ձեր ներկայացուցած ոգեշունչ երգերով ու արտասանութիւններով կարեւոր պատգամ մը փոխանցեցիք մեզի։ Մեր հոգեւոր արժէքներուն ու գանձերուն, հայ լեզուին ու մշակոյթին պահպանութիւնը մեր բոլորին պարտականութիւնն է, մասնաւորաբար զանազան մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղեց ուսուցչական կազմին՝ շեշտելով անոնց նուիրեալ աշխատանքը։ Հայրապետը ըսաւ, թէ միօրեայ վարժարանին մէջ այսօր կամաւոր կերպով կը ծառայեն մեր ազգի անձնուէր մշակները։ Անոնք իրենց ամէնօրեայ զբաղումները, դժուարութիւնները մէկդի ձգելով՝ կը ծառայեն ի խնդիր հայեցի դաստիարակութեան ջամբումին։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գնահատեց ծնողները՝ ընդգծելով, թէ հակառակ գործնական դժուար պայմաններուն, դուք իբրեւ ծնողներ, կարողացած էք ձեր զաւակները ղրկել հայկական վարժարան եւ դաստիարակել զանոնք քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով, ոգիով ու ապրումներով։ Վերջապէս, Նորին Ս. Օծութիւնը խօսեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր կատարած հետեւողական աշխատանքին մասին։ Սրբազանը տասնամեայ իր գործունէութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուց հայ դպրոցի ծաղկումը։ Ան թէ՛ Ապու Տապիի եւ թէ՛ Շարժայի միօրեայ վարժարաններուն գործունէութեան մօտէն հետեւելով՝ մեծապէս նպաստեց անոնց առաքելութեան։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց՝ նշելով, որ այսօրուան ներկայացումը մեր բոլոր գաղութներուն յիշեցում մըն է.- հայ դպրոցին մէջ է, որ մարդուժ կը պատրաստուի։

 

Հայրապետին խօսքէն ետք, ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը, առաջնորդ սրբազանին, տնօրէնուհիին եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ շրջեցաւ դասարանները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ այնտեղ տարուող աշխատանքներուն։