Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻԻՆ
Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուն։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցն ու առաքելութիւնը եւ անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս տնտեսական տագնապին եւ նախագահական ընտրութեան առնչուած աշխատանքներուն։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ խօսեցաւ անցեալ տարի Յունաստանի Թեմին…