Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ԱՊՐԻԼԻՆ ԿԸ ԿԱՅԱՆԱՅ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար գումարեց առցանց երկու նիստեր (8-րդ եւ 9-րդ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Ի հետեւումն 19-20 Յունուար 2024-ին Անթիլիասի մէջ կայացած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի խորհրդակցական հանդիպումներու որոշումներուն, առցանց նիստերուն քննարկուեցան Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, գումարելի գիտաժողովին թեման եւ…