Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին քանի մը օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելուները ընդունեց.-

 

— Քրիստոնեայ նախկին երեսփոխաններէ ու նախարարներէ բաղկացած խումբ մը Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած:

 

— Լոս Անճելըսէն The California Courier շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցեցաւ մասնաւորաբար Սփիւռքի առնչուած հարցերու գծով:

 

— Հայաստանէն «Հայոց Արծիւներ Միասնական Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ գնդապետ Խաչիկ Ասրեան Նորին Ս. Օծութեան պարզեց 44-օրեայ պատերազմին առնչուած կարգ մը երեւոյթներ:

 

— Խաչատուր Աբովեանի Անուան Մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Էտկար Յովհաննէսեան, ընկերակցութեամբ իր օգնականներուն, այցելելով Նորին Սրբութեան՝ զեկուցեց յիշեալ համալսարանին աշխատանքներուն մասին:

 

— Արուեստագէտներ՝ Հրայր Բազէ Խաչերեան, Սոֆիա Խաչմանեան եւ Էրին Փինիոն, Գանատայէն ու Լոս Անճելըսէն: Անոնք ծանօթացան Կաթողիկոսարանի թանգարաններուն յատուկ քաթալոկներ հրատարակելու Վեհափառ Հայրապետին ծրագիրին: