17 May, 2023

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Քուէյթի «Սալուա Սապահ» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին Քուէյթի Ազգային Վարչութեան կազմակերպած պաշտօնական ճաշկերոյթը, որ քուէյթահայութիւնը համախմբեց Հայրապետին շուրջ, գեղեցիկ երեկոյով մը եզրափակելով Նորին Սրբութեան Քուէյթ կատարած հովուապետական հնգօրեայ այցելութիւնը: Ընթրիքին ներկայ էին Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ, դեսպաններ, պաշտօնական հիւրեր, քուէյթահայ ազգայիններ, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ գաղութի զաւակներ:

 

Երեկոն սկիզբ առաւ Վեհափառ Հայրապետին աղօթքով եւ Քուէյթի ու Հայաստանի հանրապետութեանց քայլերգներով, որմէ ետք Ազգային Վարչութեան անդամ Դալար Գալէմքէրեան-Տաղլեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Վեհափառ Տէր, ձեր թոյլտուութեամբ, կ՚ուզեմ հաստատել, որ Ձեր անձամբ ներկայութիւնը եւ մանաւանդ ձեր կատարած ա՛յս հովուապետական այցելութեան զուգադիպումը 2023-ի «Սփիւռքի ՏարիԻնքնաքննութենէ Վերակազմակերպում»ի Ձեր հռչակումին, Ձեր թելադրանքները, յատկապէս մեզմէ շատերուն, երբեմն ինքնակեդրոն կամ երերուն քայլերով քալած ճամբուն վրայ, մեծ լուսարձակ մը բացաւ, իւրաքանչիւրիս պահ մը կանգ առնել տուաւ՝ մտածել տալով, թէ համաշխարհայնացման այս դարուն, ուր այժմէականութիւնը եւ նորօրեայ կենցաղը մեզ դէպի ո՞ւր կ՚առաջնորդեն: Ձեր յորդորները պահ մը զգաստութեան ու զգօնութեան ազդարարը դարձան։ Յիշեցուցին, որ Սփիւռքը չի կրնար գոյատեւել, եթէ սփիւռքահայը կ՚ապրի եսակեդրոն կեանքով եւ նորօրեայ կեանքին փոթորկած ալիքներուն մէջ երերալով»: Ապա, յաջորդաբար հրաւիրուեցան գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցները, որոնք հայկական մշակոյթի գանձարանէն ներկայացուցին հետեւեալ կտորները.- «Բարի Հայրիկ» երգը հնչեց Յակոբ Թադոյեանի ձայնով, որուն յաջորդեց ասմունք՝ Գէորգ Էմինի «Մենք» բանաստեղծութիւնը՝ Կասիա Աբիկեանի կատարողութեամբ, յաջորդիւ Լիլա Կարապետեան մեներգեց «Երազ Իմ Երկիր Հայրենի» երգը եւ Ալինա Քէօշկէրեան-Պէքէրէճեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում Եմ Քեզ» բանաստեղծութիւնը:

 

Երեկոյի ընթացքին, յանուն Քուէյթի Ազգային Իշխանութեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Թովմասեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ անցնող օրերուն քուէյթահայութեան կողքին ըլլալուն, գործօն մարմինները գնահատելուն, երիտասարդութիւնը խրախուսելուն եւ իր Հայրապետական պատգամն ու թելադրանքները գաղութին փոխանցելուն համար, ապա, վեր առնելով Նորին Ս. Օծութեան երկարամեայ բացառիկ գործունէութիւնը՝ տոքթ. Թովմասեան ըսաւ. «Թոյլ տուէք, այսօր, անգամ մը եւս հիացմունքով խոնարհիլ Ձերդ Սրբութեան աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին արձանագրած բազում իրագործումներուն դիմաց:

 

«Իրագործումներու շարքը կ՚երկարի՝ Աստուծոյ Սուրբ Սեղանի սպասարկումէն մինչեւ մեր ազգային բեմերուն եւ միջազգաին բեմահարթակներու վրայ արդարութեան ու պահանջատիրութեան ձայնը հնչեցնելը:

 

«Որպէս անխոնջ ղեկավար, առաջնորդ եւ Հայրապետ, երկար տարիներու ընթացքին Դուք օրինակ հանդիսացաք բոլորիս: Որպէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկարամեայ Գահակալ, Ձեր եզակի կարողութեամբ եղաք հաւատքի առաքեալ, ազգային ծառայութեան նուիրեալ առաջնորդ եւ հմուտ դիւանագէտ: Այս բոորը մէ՛կ անձի մէջ խտացուած գտնելը, կը հաւատանք, որ Աստուծոյ պարգեւն է՝ մեր ազգին եւ մանաւանդ Սփիւռքին:

 

«Այսօր, խոնարհաբար կանգնելով Ձերդ Սրբութեան յիսուն տարիներու փորձառութեան գանձարանին առջեւ, կը տեսնենք հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու օրինակելի դաստիարակը, անձնուէր ուսուցիչը, ժիր մտաւորականը, հմուտ քարոզիչը, ազգի իրաւունքներուն մեծագոյն պահանջատէրը, անխոնջ պայքարողը, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս անզուգական հեղինակութիւնը, բայց մանաւանդ՝ բազմահազար հայորդիներու սիրելի Հայրապետը»:

 

Ապա, Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան խօսք առնելով՝ նախ բոլորին հիացմունքն ու հպարտութիւնը արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ, երբ անցնող օրերուն տարբեր տեսակցութիւններու ընթացքին գաղութի ազգայինները առիթ ունենալով մօտէն ճանչնալու Վեհափառ Հայրապետը, բոլո՛րը յայտնած էին, թէ, իրենց իսկ խօսքերով. «բախտաւորութիւն է այսպիսի՛ Կաթողիկոս մը ունենալը»: Ապա, հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ թեմը իրեն վստահելուն համար՝ նշելով, թէ սիրով եւ յանձնառութեամբ կը կատարէ այս սիրելի թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդի իր ծառայութիւնը։ Խօսելով քուէյթահայ գաղութին մասին՝ հայր սուրբը ըսաւ. «Այս գաղութը ծառայասէր, եկեղեցասէր եւ ազգասէր գաղութ է, որ ընտանիքի մը կը նմանի, որ ունի իր տեսակ-տեսակ դժուարութիւնները, բայց այդ բոլորէն վեր եւ անդին՝ ունի սէր եւ ջերմութիւն՝ իրար հանդէպ: Այս գաղութը ի՛ր ջանքերով, հակառակ ամէ՛ն տեսակի դժուարութեանց, մինչեւ օրս դպրոց եւ եկեղեցի կը պահէ, շնորհիւ իր ազգային եւ միութենական մարմիններուն, որոնք կամաւորաբար կը ծառայեն, որպէսզի կանգուն պահեն մեր զոյգ կառոյցները՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին եւ Ազգային Վարժարանը»: Հայր սուրբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային Վարչութեան անդամներուն, որոնք աւելի քան երկու ամիս շարունակ աշխատեցան եւ բարձր մակարդակով կազմակերպեցին Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան այս հինգ օրերը:

 

Վեհափառ Հայրապետ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Կաթողիկոսական Փոխանորդը, որ նուիրումով, յանձնառութեամբ եւ անկեղծութեամբ կը ծառայէ Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փառքը եւ պատիւը ծառայութիւնն է: Ինչպէս Քրիստոս ըսաւ՝ «Ես աշխարհ եկայ ո՛չ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ՝ ծառայելու»: Եւ երբ մենք այս գիտակցութեամբ կը կազմաւորենք մեր հոգեւորականները եւ կ՚ուղարկենք ժողովուրդին՝ անոնց համար մէկ ճամբայ կայ միայն՝ ծառայութիւն»:

 

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ ըսելիքներ շատ կան, սակայն ըսելիքներով չլեցնենք, այլ՝ ընելիքներով հարստացնենք մեր համայնքային կեանքը: Հայրապետը իր կեանքէն գեղեցիկ յուշապատում մը ընելով՝ բացայայտեց, թէ ա՛յս եղած է իր կեանքի ուղեցոյցը, որովհետեւ ըսելիքները կը շոգիանան, բայց ընելիքներն են, որոնք կազմակերպութիւններ կը զօրացնեն ու ազգեր կը հզօրացնեն: Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով մէջբերեց ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի տողերը՝ «մահը մերն է, մենք՝ մահինը, մարդու գո՛րծն է միշտ անմահ»:

 

Այսպիսով եզրափակուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան հինգ օրերը, որոնք պատմական էին քուէյթահայ գաղութին համար՝ լեցուն Նորին Սրբութեան տիրական ներկայութեամբ, սիրով եւ Հայրապետական օրհնութիւններով: