«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՆՈՐ ԱՐԻՒՆՈՎ ԹԱՐՄԱՑՆՈՂ ՈՅԺ Է»
ՀԱՍՏԱՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023-ին, Քուէյթի հայ երիտասարդութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին այսպէս յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Առանց երիտասարդութեան կենսատու ներկայութեան մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ուժականութիւնն ու կենսունակութիւնը»։
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 80 քուէյթահայ երիտասարդներ՝ համալսարանական եւ համալսարանաւարտ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքին միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:
Հանդիպման սկիզբը խօսք առաւ թեմի Երեսփոխանական Ժողովի երիտասարդագոյն անդամը՝ Յակոբ Էմրազեանը։ Ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը միշտ յատուկ կարեւորութիւն տուած է երիտասարդութեան՝ ընդգծելով երիտասարդութեան կարեւոր ներդրումը հայ կեանքին: Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ ընկերութիւնը՝ յիշեցնելով, որ համաշխարհայնացումը սոսկ տնտեսական եւ տեղեկատուական մարզերուն առնչուած երեւոյթ չէ, այլ էապէս մշակոյթ է, որուն մաս կը կազմենք բոլորս: Այս մշակոյթէն հեռու մնալը կարելի չէ. անոր դէմ պայքարիլը դարձեալ կարելի չէ. սակայն անոր մաս կազմելով հանդերձ մեր ինքնութիւնը պահելը հրամայական է, միեւնոյն ատեն՝ դժուար: Սա իւրաքանչիւր հայուն ու մանաւանդ հայ երիտասարդին համար պէտք է դառնայ մարտահրաւէր, շեշտեց Հայրապետը:
Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ հայ կեանքէն ներս երիտասարդութեան դերին՝ շեշտելով, որ մեր կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր բնագաւառներէն ներս երիտասարդութեան ներկայութիւնը կենսական է, այլապէս մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ներքին կենսունակութիւնը:
Յիշեալ հարցերուն մասին Նորին Սրբութիւնը յաճախ իր կեանքի փորձառութենէն քաղելով՝ օրինակներու անդրադարձաւ:
Ապա, երկխօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ երիտասարդներուն միջեւ: Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն կողմէ արծարծուած հարցումներուն ու մտահոգութիւններուն, որոնք այլազան երեւոյթներու առնչուած էին՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, ճարտարագիտութիւն, երիտասարդութիւն եւ եկեղեցի, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ կատարեց:
Հանդիպման աւարտին, Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան խօսք առնելով՝ մեծ թիւով երիտասարդներու ներկայութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, անոր ընծայած այս պատեհ առիթին համար, ինչպէս նաեւ երիտասարդութիւնը եւ ընդհանրապէս ընկերութիւնը դիմագրաւող հարցերուն գծով Նորին Սրբութեան տուած սպառիչ լուսաբանութեանց համար: