Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովի մասնակիցները, որոնք եկած են Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի ու Ամերիկայի զանազան երկիրներէն։
Հանդիպման սկիզբը խօսք առին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Գազանճեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (Լ.Ե.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լիլիթ Նալպանտեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան։
Ապա, երիտասադներուն իր պատգամը ուղղեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Առաջին հերթին, ան բարձր գնահատեց խորհրդաժողովը կազմակերպողները եւ անոր մասնակից երիտասարդները, որոնք ի մի խմբուած են քննարկելու յատկապէս երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր՝ հայ դատի պաշտպանութեան, պահանջատիրութեան եւ հայապահպանման մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։ Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց երիտասարդութեան դերն ու տեղը հայ կեանքէն ներս եւ վերահաստատեց՝ ըսելով, որ երէց սերունդի պատկանողները երիտասարդութեան մասին պէտք չէ խօսին, այլ երիտասարդութեան հե՛տ պէտք է խօսին, որովհետեւ մարդկային մեր կեանքը հիմնուած է փոխյարաբերութեան ու երկխօսութեան վրայ. ուստի, հարկ է երիտասարդներուն մասին խօսելու մենախօսութենէն դուրս գալ եւ ստեղծել անոնց հետ խօսելու երկխօսութեան մթնոլորտը։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը համապարփակ կերպով անդրադարձաւ հայ դատին, պահանջատիրական պայքարին եւ հայապահպանման, ներկայ աշխարհի արհեստագիտացած եւ յարափոփոխ ու մշտափոփոխ պայմաններու լոյսին տակ։ Ան ըսաւ, որ մեր ազգի պահանջատիրական պայքարի երթը հարկ է վերատեսութեան ենթարկել եւ զայն յարմարեցնել այսօրուան աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, սակայն առանց խաթարելու մեր պատկանելիութիւնը, սկզբունքները եւ արմատները։ Այսօր մեր ուսերուն վրայ դրուած պարտականութիւնները աւելի ծանր կը կշռեն, քան անցեալին մեր առջեւ ծառացած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։ Հետեւաբար, այս յանձնառութեամբ, երէց ու նոր սերունդները, օգտուելով միմեանց փորձառութիւններէն, ձեռք-ձեռքի տուած հարկ է դիմակայել մեր ազգին առջեւ ցցուած քաղաքական, ներքաղաքական, համայնքային, միութենական եւ այլ տեսակի մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Աւարտին, Հայոց Ցեղասպանութեան 50 ամեակին առիթով, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ բարձրացած հայ ժողովուրդին յարութիւնը խորհրդանշող յուշարձանին հովանիին տակ, յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ։