Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2023-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը։
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ։