16 July, 2023

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ (ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ) ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) տօնը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ եկեղեցական տօնախմբութեամբ հանդիսաւորապէս կը նշուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, իսկ ազգային առումով՝ Վարդավառի ժողովրդային տօնով։ Առ այդ, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Կիրակի, 16 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակը տօնուեցաւ։ Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանը։

 

Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ «Տէ՜ր, բարւոք է մեզ աստ լինել» (Մատթէոս 17.4) Պետրոս առաքեալի խօսքով, որ արտասանած էր Թափօր լերան վրայ՝ որպէս փափաք ընդմիշտ մնալու Քրիստոսի Պայծառակերպութեան ներկայութեան, եւ խօսելով տօնի պատգամին եւ խորհրդանիշերուն մասին՝ եզրակացուց նո՛յն խօսքին իմաստը պարզելով ներկայ դարաշրջանի պայմաններու լոյսին տակ։

 

Քրիստոս, Իր երկրային կեանքի վերջին հանգրուանը թեւակոխելէ առաջ, երեք առաքեալներուն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ առանձնացաւ՝ Թափօր լեռ բարձրանալով։ Լեռը Աստուծոյ բնակարանին խորհդանիշն է, ըսաւ սրբազանը։ Հոն անոնց երեւցան Մովսէս մարգարէն, որ Հին Կտակարանին մէջ օրէնքի խորհրդանիշն է, եւ՝ Եղիա մարգարէն, որ մարգարէները կը խորհրդանշէ։ Այս դիտել կու տայ, որ Յիսուս անոնցմէ մէկը չէր, այլ՝ անոնց Տէրն էր։ Քարոզիչ սրբազանը ապա նշեց, որ Քրիստոսի Աստուածութեան երկրորդ խորհրդանիշը ամպն էր՝ Աստուած մարդոց հետ կը հաղորդակցի ամպերուն ընդմէջէն, իսկ երրորդը՝ Պայծառակերպութեան ճամբով առաքեալներուն յայտնաբերելն էր գալիք օրերու չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, որպէսզի առաքեալները ընկալէին Աստուածային կամքը այս բոլորին մէջ։ Առ այդ, սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները Աւետարանը կարդալու ո՛չ թէ «մարդկային ակնոցով» այլ՝ «Աստուածային ակնոցով»։

 

Անդրադառնալով մեր ժողովուրդին Պայծառակերպութեան տօնը Վարդավառ ազգային տօնի ճամբով նշելուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս վերյիշեցուց հայ եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցի ըլլալու յատկանիշը, որուն միջոցով հայ ազգը կը պահէ իր ինքնութիւնը։ Ուստի, եզրափակելով իր քարոզը, ան դարձեալ մէջբերեց Պետրոս առաքեալին խօսքը եւ քաջալերեց հաւատացեալները մնալու հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ, այն վայրին մէջ, ուր կը պահուին մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը ամրապնդող ազդակները, մանաւանդ՝ ներկայ դարուս ծայրահեղ յոռի երեւոյթներուն դիմաց եւ ըսաւ. «Տէ՜ր, բարւոք է մեզ աստ լինել»։