24 May, 2023

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Յաջողութեամբ բոլորեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնին կրթական 2022-2023 տարեշրջանը եւ երեք տարուան ծրագիրը աւարտած 13 ուսանողներ վկայուեցան՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 05:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ յանձնախումբին։

 

Առաջին հերթին խօսք առաւ Կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտմեան։ Ան նշեց, որ «Հայագիտական Կեդրոնի յաջողութեան գաղտնիքը կը գտնուի մեր բանիբուն Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հայագիտական մարզին ընծայած կարեւորութեան եւ զայն մեր առօրեայ ապրումներէն ներս ցոլացնելու իր ճիգին ու աշխատանքին մէջ»։ Շխրտմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնի յանձնախումբին՝ իր բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին համար, որուն հետեւանքով կարելի կ՚ըլլայ Հայագիտական Կեդրոնը վերածել հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային արժէքներու պահպանութեան եզակի վայրի մը։ Վերջապէս, ան իր խօսքը ուղղեց ուսանողներուն, որոնք պարտաճանաչօրէն հետեւեցան դասընթացքներուն՝ յաղթահարելով զանազան դժուարութիւններ եւ մաղթեց, որ անոնք շարունակեն ծառայել ազգային-հոգեւոր արժէքներուն։ Աւարտին, ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, միաբան հայրերուն, ուսուցիչներուն, Կաթողիկոսարանի նախկին եւ ներկայ դիւանապետներուն, Կեդրոնի քարտուղարութեան, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան տարուող աշխատանքներուն մէջ։

 

Տնօրէնին խօսքէն ետք ուսանողներուն անունով ուղերձ կարդաց Արշալոյս Չուլճեան-Էլէյճեան, որ ուրախութիւն յայտնեց Կեդրոնին մէջ երեք տարի շարունակ վաստակաշատ ուսուցիչներու կողմէ հայագիտական ուսում ստանալուն եւ վկայուելուն համար։ Այս իմաստով ան եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան, տնօրէնին, Կեդրոնի քարտուղար Մարլէն Էվինկիւլեանին եւ յուզումնախառն զգացումներով յիշեց Կեդրոնի նախկին տնօրէն հանգուցեալ Ժիրայր Դանիէլեանը։

 

Նորին Սրբութիւնը, առաջին հերթին, իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց՝ ի տես Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի այս տարեշրջանի հունձքին, որ կու գայ մեր ազգային գործունէութեան դաշտ առաքելու 13 վկայեալ ուսանողներ։ Ընդգծելով հայագիտական ուսմանց յոյժ կարեւորութիւնը յատկապէս մերօրեայ կեանքի պայմաններու լոյսին տակ՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Կաթողիկոսարանի այս Կեդրոնը ծաւալելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու ու զայն պահպանելու մեր Ս. Աթոռին հաստատակամութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Սփիւռքի մէջ հազուագիւտ կարելի է գտնել նման կեդրոններ. ուստի, մենք ջանք պիտի չխնայենք Կաթողիկոսարանի Հայագիտական այս Կեդրոնը աւելի հզօրացնելու եւ անոր գործունէութիւնը աւելի ընդլայնելու, որովհետեւ մեր ազգը կայ ու կը գոյատեւէ պահելով ու սերունդէ սերունդ փոխանցելով մեր լեզուն, մշակոյթը, հարուստ պատմութիւնը, մեր բազմադարեան գրականութիւնը եւ եկեղեցական ու ազգային արժէքները։

 

Իր խօսքի աւարտին Հայրապետը բարձր գնահատեց այս սրբազան առաքելութեան լծուած Կեդրոնի տնօրէնը, ուսուցչական կազմը եւ յանձնախումբը։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց անոնց ստանձնած պատասխանատուութեան լրջութիւնը եւ վստահեցուց, որ ինք անձնապէս եւ Կաթողիկոսարանի բոլոր մարմիններն ու կառոյցները պատրաստ են սատարելու Կեդրոնի ծաղկման բոլոր աշխատանքերուն։ Վերջապէս, ան իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց 13 աւարտական աշակերտներուն եւ յորդորեց, որ Կեդրոնէն առած իրենց ուսումն ու գիտելիքները ի գործ դնեն մեր ազգային արժէքներու ու իտէալներու տարածման աշխատանքին մէջ։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոսին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը՝ ձեռամբ Հայրապետին։

 

Յայտնենք, որ այս տարուան հունձքը կը բաղկանար հետեւեալ ուսանողներէն.- Անի Չամքերթենեան Տէտէեան, Արշալոյս Չուլճեան Էլէյճեան, Արփի-Թալին Կոնճեան, Դշխուն Մկրտիչեան Մահտեսեան, Թալին Քէօշկէրեան, Լենա Ստեփան-Մարգարեան, Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան, Խաժակ Պոյաճեան, Մարալ Խաչատուրեան Իշխանեան, Մարինա Քէլէշեան Հանտեան, Մարo Գազանճեան Թազեան, Մէյրի-Ռիթա Մինասեան եւ Պէթի Ինճէեան Պալապանեան։