Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60 ամեակի «Ապագային Նայող Ու Ապագային Գացող Հայ Համալսարանակը» խորագիրով ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական համագումարներու շարքին երկրորդը՝ «Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքին հովանաւորն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Յաջողութեամբ բոլորեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնին կրթական 2022-2023 տարեշրջանը եւ երեք տարուան ծրագիրը աւարտած 13 ուսանողներ վկայուեցան՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 05:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ յանձնախումբին։   Առաջին հերթին խօսք առաւ Կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտմեան։…