Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) կեդրոնական վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Համբիկ Սարաֆեանին, հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին համազգային խորհուրդ մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ համահայկական ճիգով դիմակալել հայրենիքին ու ազգին սպառնացող վտանգները:
Նոյն օրը, Քսան Կախաղաններու 108 ամեակին առիթով, Հնչակեան կուսակցութեան կազմակերպած հանդիսութեան յանուն Վեհափառ Հայրապետին ներկայ գտնուեցաւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը։