ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

5-11 Յունիս 2023-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղի Ս. Էջմիածինի մէջ կայացաւ Կաթողիկոսութեան միաբանական համագումարը (աբեղայ, վարդապետ, ծայրագոյն վարդապետ)՝ «Սուրբ Էջմիածինը Որպէս Առաքելութիւն» խորագրեալ։ Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ յիշեալ համագումարին հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութիւնը ներկայացուցին Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը ու Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը։

 

Համագումարի ծրագիրը կ՚ընդգրկէր եկեղեցւոյ առաքելութեան այժմէական նիւթերու առնչուած դասախօսութիւններ, խմբային քննարկումներ, Տաւուշի եւ Գեղարքունեաց թեմերու հովուական այցելութիւններ, զոհուած, վիրաւորուած ու տեղահանուած արցախցի ընտանիքներու այցելութիւններ եւ մասնակցութիւն եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններու ու Ս. Պատարագներու։

 

Միաբանական այս համագումարին իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս ըսաւ, որ պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք մեր խօսքին, գործին ու քայլերուն մէջ, սրբագրենք մեր թերացումները՝ միշտ պահելով հոգեւորականին վայել ու պատշաճ դիրքն ու կեցուածքը, բարի օրինակ հանդիսանալով մարդոց, հանապազ սէր եւ հոգատարութիւն դրսեւորելով մեր ժողովուրդին հանդէպ։

 

Ներկայ էր եւ իր խօսքը փոխանցեց Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան։

 

Յաջորդ նիստին Նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչները արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան խօսք առաւ Ստեփանոս Ծ. Վրդ.ը։ Առաջին հերթին ան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայրապետական օրհնութիւնը՝ միաբանական համագումարին։ Այս առիթով, յանուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութեան, հայր սուրբը իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ, որ նման հաւաքներ առիթ կը հանդիսանան, հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներուս, մօտէն ծանօթանալու իրար, գաղութային ու համայնքային մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները առաւել եւս իմանալու՝ օգտուելով մէկս միւսին փորձառութենէն եւ միասնաբար քննարկելու ու լուծումներու ուղիներ որոնելով՝ վերադառնալու մեր ծառայութեան վայրերը, ա՛լ աւելի զօրացած ու գօտեպնդուած։ Իր խօսքին մէջ հայր սուրբը յատկապէս շեշտեց. «Այսօր, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակներս կոչուած ենք առաւել եւս համախմբուելու եւ համախմբումի կոչ ուղղելու մեր ժողովուրդին եւ ամուր կենալու Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ Հայաստանի անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան կողքին։ Եկեղեցին մի՛շտ եղած է Հայրենիքին հետ ու պետութեան կողքին։ Եւ որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւն, այս գիտակցութենէն ու յանձնառութենէն մղուած՝ լծուած ենք մեր եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան»։