11 August, 2023

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

«ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԿԻԶԱԿԷՏՆ Է»

— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —

 

Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան իրեն փոխանցած շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներուն համար: Այս առիթով, Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի ապաշրջափկման ուղղութեամբ հայրապետին տարած աշխատանքնեուն եւ ունեցած հանդիպումներուն՝ միջազգային ընտանիքի եւ դիւանագիտական նեկայացուցչական պատուիրակութիւններուն հետ։

 

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Արցախը մեր համահայկական օրակարգի կիզակէտն է եւ յատկապէս ա՛յս օրերուն բոլորս պէտք է լծուինք հետեւողականօրէն աշխատելու Արցախի ապաշրջափակման ու անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի վերահաստատման։ Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտեց համահունչ եւ ներդաշնակ կերպով աշխատելու հրամայականը թէ՛ ներգաղութային, թէ՛ համասփիւռքեան եւ թէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան ծիրէն ներս։ Միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները թէ՛ Արցախի ապաշրջափակման եւ թէ անոր ինքնորոշման իրաւունքին գծով։