ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանն ու Ազգային Վարչութիւնը հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։

 

Հանդիպման ներկայ էին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանն ու Կեդրոնական Վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանը։

 

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ գանատահայ սփիւռքին ու զայն շրջապատող մարտահրաւէրներուն։