Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան։
Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մոնթրէալի մէջ պատւոյ հիւպատոս Պրն. Լեւոն Աֆէյեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Պրն. Գրիգոր Մահսէրէճեանը, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկ. Ծովիկ Թերզեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Պրն. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Պրն. Մհեր Գարագաշեանը։
Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը հիւրընկալուեցան Լիբանանի Հանրապետութեան հիւպատոս Պրն. Անթուան Իտի կողմէ, որ նախ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան, որ ընդառաջեց եւ այցելեց Մոնթրէալի մէջ Լիբանանեան հիւպատոսարանը։
«Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդը յատուկ տեղ ունի լիբանանցի ժողովուրդին համար։ Հայ ժողովուրդը նաեւ եղած է Լիբանանի պատմութիւնը կերտող ժողովուրդներէն մէկը», ըսաւ հիւապտոսը։
Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւպատոսին, որ այս մօտեցումը ունի հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ «Լիբանանցի ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիները ընդունեց իր երկրին մէջ եւ երբեք խտրութիւն չդրաւ», ըսաւ ան՝ ըդգծելով, որ լիբանանահայութիւնը անտարբեր չէ մնացած Լիբանանի դժուարին օրերուն եւ ներդրում ունեցած է Լիբանանի ամէնէն փայլուն շրջանին։
Ապա, անոնք անդրադարձան Լիբանանի տնտեսական արդի դժուարութիւններուն։
Յաջորդ օրը, Նորին Ս. Օծութիւնը Օթաուայի մէջ պիտի հանդիպի Լիբանանի Հանրապետութեան Դեսպանին։