Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵՒ ԱՅԼ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

«Բերձորի (Լաչին) միջանցքին բացումը անյետաձգելի հրամայական պէտք է դառնայ միջազգային համայնքին համար»

— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —
 
 
 
Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանին: Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ այլ դեսպաններ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին քննարկուեցան առաւելաբար երկու այժմէական նիւթեր՝ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ Արցախի հարցը։
 
 
Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց կարելի փութով բոլորին կողմէ ընդունելի եւ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը արտայայտող նախագահի մը ընտրութիւնը, որուն պէտք է անմիջապէս յաջորդէ ընկերատնտեսական բարեկարգութիւնը։
 
 
Արցախի հարցին անդրադառնալով, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքին անյապաղ վերաբացումը, որուն պատճառով շուրջ 120 հազար հայեր տագնապի մատնուած են։ Ան նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման հրամայականը եւ յոյս յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ միջազգային համայնքը իր գործնական աջակցութիւնը բերէ։