24 May, 2023

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60 ամեակի «Ապագային Նայող Ու Ապագային Գացող Հայ Համալսարանակը» խորագիրով ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական համագումարներու շարքին երկրորդը՝ «Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքին հովանաւորն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը։ Համագումարին ներկայ էին աւելի քան 100 համալսարանական երիտասարդներ՝ ներկայացնելով լիբանանահայ երիտասարդական ու ուսանողական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները։

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան անդամ Ֆիլիփ Սրկ. Ժինեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Վեհափառ Հայրապետին յատուկ գուրգուրանքն ու քաջալերանքը երիտասարդ սերունդին, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի լսելու անոնց մտահոգութիւններն ու կեցուածքները։ Ժինեան ապա անդրադարձաւ հայ եկեղեցի-երիտասարդութիւն կապին, քաջալերեց անոր առաւել ամրապնդումը եւ դիտել տուաւ այսօրուան կարիքները ու երիտասարդներուն մասնակցութեան ու դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Իր խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց Հայրապետը՝ իր հայրական պատգամը փոխանցելու եւ երիտասարդներուն հետ զրոյց ունենալու՝ «Հայ Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես երիտասարդներուն ներկայութեան, որ պերճախօս վկայութիւն սեպեց երիտասարդութեան եկեղեցւոյ հետ ունեցած կապին, ու ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը հեռու չէ եկեղեցիէն, ինչպէս շատեր մեքենաբար կը յայտարարեն։ Ան քաջալերեց եկեղեցի-երիտասարդ յարաբերութեան մօտենալ տարբեր հայեցողութիւններով ու յատկապէս նշեց, որ եկեղեցին ինք պէտք է մօտենայ երիտասարդութեան։

 

Բանախօսութեան առաջին բաժինով, Հայրապետը մանրամասնեց եկեղեցի հասկացողութիւնը, որ հաւատացեալներու հաւաքականութիւնն է, քան՝ շէնքը, ծէսը եւ դաւանանքը. ուստի, զուգահեռ եկեղեցւոյ եկեղեցաբանական սահմանումէն, որ Քրիստոսի խորհրդանշական մարմինն է, եկեղեցին Քրիստոսի անունով քով-քովի եկած հաւատացեալներու խումբն է, ըսաւ ան։ «Եկեղեցին ինքզինք կ՚ըլլայ, երբ կ՚երթայ իր ժողովուրդին՝ առաքելութեան ծառայութեան ճամբով», յայտնեց ան։ Յաջորդիւ, Հայրապետը ընդգծեց ժողովուրդին մշակութային ինքնութեան հետ քրիստոնէութեան փոխ-յարաբերութիւնը, իբրեւ յատկանշական երեւոյթ, մանաւանդ ուղղափառ եկեղեցիներուն պարագային, ինչպիսին է հայ եկեղեցին։ Այս ըսելով՝ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մայր էջին վրայ եկեղեցւոյ ներկայութեան ու հրաւիրեց երիտասարդները այս դիտանկիւնէն մօտենալու հարցին։

 

Խօսելով երիտասարդ-եկեղեցի կապին մասին, Վեհափառ Հայրապետը մերժեց բացարձակ բացասական եւ յոռետեսական մօտեցումները. այնուամենայնիւ, կեանքի ներկայ պայմանները ժողովուրդը նուազ մօտ կը պահեն եկեղեցւոյ, ըսաւ ան՝ զայն վերագրելով ներկայ դարուս կենցաղին, մարդու ինքնահասկացողութեան, մտածելակերպին եւ գործելակերպին փոփոխութիւններուն։ «Այսօր մարդը շատ աւելի խոր կերպով անծանօթ դարձած է ինքնիր նկատմամբ» նշեց ան ու շեշտը դրաւ ճարտարագիտութեան արագ փոփոխութեան հետեւանքով մարդուն՝ օրուան փոփոխութեան հետ քայլ չպահելու երեւոյթին։

 

Հայրապետը հաստատեց, որ եկեղեցին ի՛նք պէտք է առնէ երիտասարդութեան մօտենալու առաջին քայլը. իսկ ինչ կը վերաբերի երիտասարդին, ապա անոր մօտեցումը պէտք է իրապաշտ եւ հաւասարակշռուած ըլլայ։ Խօսելով տարբեր սերունդներու յարաբերութեան մասին՝ ան ըսաւ, որ երէց սերունդը թելադրողի դերի մէջ պէտք չէ ըլլայ, իսկ երիտասարդը հարկ է լսէ ու սորվի երէցներուն փորձառութիւններէն եւ ունենայ իր ներդրումը։

 

Նիստի աւարտին մասնակիցները առիթը ունեցան Հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումները եւ բաժնելու իրենց կարծիքները, մանաւանդ արժէքներու փոփոխութեան, ընտանիք հասկացողութեան, Սփիւռքի վերակազմակերպման մէջ երիտասարդին դերակատարութեան գծով։

 

Համագումարի երկրորդ նիստը «Ամուսնական Կեանքն Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով կլոր սեղան էր՝ մասնակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, Գերպ. Հ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի եւ Վերապատուելի Ժիրօ Ղազարեանի, զրուցավար ունենալով Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց դասախօս հոգեւորականները։ Ապա, երեք դասախօսները իրենց փորձառութիւններէն ու մասնագիտութիւններէն մեկնելով՝ աւելի հարստացուցին զրոյցը ու հարցերու պատասխան տուին։ Հայր Պարոյրը անդրադարձաւ 21-րդ դարու նորաձեւ ամուսնութիւններուն, հայր Սեպուհը՝ ամուսնութիւնը իբրեւ Աստուածային եւ եկեղեցական խորհուրդ, իսկ վերապատուելի Ժիրօն՝ ամուսնական կեանքին ընդմէջէն «մենք»ի գաղափարին։

 

Կլոր սեղանի ընթացքին առաւելաբար արծարծուեցաւ ամուսնութիւնը մարդկային կեանքին ամենանուիրական եւ ամենակարեւոր հանգրուաններէն մէկը ըլլալու պարագան, որովհետեւ կեանքի ընթացքին յեղաշրջում մըն է որ տեղի կ՚ունենայ։ Երկու անհատներ իրար կապուելով՝ կը սկսին իրարու հետ ապրիլ. ա՛լ անձնական ոչ մէկ բան կը մնայ իրենց միջեւ, «ես»ն ու «դուն»ը կը դառնան «մենք», որ սահմանուած է ամբողջ կեանքի տեւողութեան շարունակուելու: Հայ եկեղեցին ամուսնութիւնը դիտած է որպէս խորհուրդ, որովհետեւ գոյատեւման պայմանականը ինքնին ամուսնութիւնն ու որդեծնութիւնն է: Պսակին նպատակն ու իմաստը սուրբ ու խորիմաստ է։ Քննարկումներու նիւթ դարձաւ նաեւ սէրը եւ շեշտուեցաւ, որ այն պարզապէս ֆիզիքական յարաբերութիւնը չէ ամուսնացեալ զոյգին միջեւ եւ ոչ ալ ամուսնական կեանքին նպատակը, այլ հոգեկան այն ամուր կապն ու զգացումն է, որ զոյգը անքակտելիօրէն իրար կը միացնէ ու որդեծնութեամբ զայն կը յաւերժացնէ։

 

Համագումարի վերջին բաժինով Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան եւ Մարիա Եագուպեան-Քէշիշեան խօսեցան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ընկերային ծառայութեան կարեւորութեան մասին։ Անոնք յայտնեցին, որ ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան ու անբաժանելի մասն է։ Անոր հիմնական նպատակն է ընկերութեան կեանքին մէջ բարօրութիւն ստեղծել։ Ինչ կը վերաբերի ընկերային ծառայողը, ապա ան իր գիտութեամբ եւ մարզումով կը ձգտի հասկնալ իրեն դիմողներուն զգացական, ընկերային, ֆիզիքական եւ նիւթական կարիքները։ Հակիրճ ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ աշխատանոց (workshop) մը: Երիտասարդները բաժնուեցան հինգ խումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ընտրեց ընտանեկան/ընկերային հարց մը եւ աշխատանոցի ճամբով լուծումներ ու առաջարկներ ներկայացուց։

 

Համագումարը իր աւարտին հասաւ մասնակից երիտասարդներուն Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ երեկոյեան ժամերգութեան մասնակցութեամբ։

 

Յայտնենք, որ այս առիթով երիտասարդներուն բաժնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին անգլերէն լեզուով հեղինակած «The Armenian Church» գիրքէն։ Հայրապետը այս գիրքը գրած է երիտասարդներուն մատչելի ոճով, որուն մէջ ան կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, առաքելութիւնը, կառոյցը, գործելաոճը, նուիրապետութիւնը, եւ այլն…։