«Ներկայ տարին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակն է։ Իր հարուստ իրագործումներով եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակով Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եղած է հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն ու բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը։ Իր եզակի արժանիքներով, Շնորհալին առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, միջ-եկեղեցական ու երաժշտական մարզերէն, եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս»։ Այս հաստատումով կը սկսի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը, որ ընթերցուեցաւ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի կողմէ, Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին մեծանուն սուրբին ձօնած սրբազան համերգին սկիզբը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։
Արդարեւ, բարձր տնօրինութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանիս մէջ կը նշուի Ս. Ներսէս Շնորհալիին յոբելինականը երկու հիմնական ձեռնարկներով, որոնց առաջինը Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին կատարողութեամբ այս սրբազան համերգն է։ Ի դէպ, երգչախումբը իր անուանումը ստացած է Շնորհալի Հայրապետի 800 ամեակին առիթով՝ Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ։
Շարունակելով կոնդակը, Հայրապետը կը յայտնէ, որ «հոգեմտաւոր հսկայ հարստութիւն մը ժառանգած է մեր եկեղեցին Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն. անկրկնելի ժառանգ մը, որ իր կարեւորութիւնը, իւրայատկութիւնն ու թարմութիւնը կը շարունակէ պահել մինչեւ մեր օրերը։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալին մեր պատմութեան այն բացառիկ հոգեւորականներէն մէկն է, որ իր սրբակենցաղ կեանքով ու հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ամբողջական նուիրումով, նոյնիսկ իր կենդանութեան մեր ժողովուրդին կողմէ «Սուրբ» որակուած է։ Բազմավաստակ Հայրապետին տրուած է «Շնորհալի» կոչումը, ո՛չ միայն իր ստեղծագործական վաստակի քանակին ու տեսակին, այլ մանաւանդ որակին համար»։ Կոնդակին մէջ կը նշուի նաեւ սուրբին ներդրումը մեր եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան հարստութեան, արդիականացումին եւ ժողովրդականացումին, եկեղեցւոյ բաժանման հիմնական պատճառ դարձած Քրիստոսաբանական հարցերու պարզաբանումին, նախարարական տոհմերու հակամարտութիւններու լուծման եւ յոյն, լատին ու ասորի եկեղեցիներուն եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններու ծաւալման մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց մէջ շատ բան կը պարտի Շնորհալի Հայրապետին թողած կտակին։
Քառաձայն երգչախումբին ղեկավարն էր Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան՝ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Համբիկ Մարտիրոսեանի, տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեանի եւ ջութակէ ու թաւջութակէ բաղկացած նուագախումբի։
Հայրապետական թափօրին մուտքէն ետք համերգը ընթացք առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, որ լուսարձակի տակ առաւ սուրբին վաստակը։ Ան ըսաւ, որ Շնորհալի Հայրապետին դերակատարութիւնը անգնահատելի է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ եկեղեցական երաժշտութեան բնագաւառէն ներս: Ան հեղինակած է բազմաթիւ շարականներ, տաղեր ու մեղեդիներ, որոնք կը վկայեն Ս. Ներսէսի ստեղծագործական միտքի յորդառատութիւնը ու ճկունութիւնը։ Խօսելով սուրբին անունը կրող երգչախումբին մասին՝ հայր Ստեփանոս դիտել տուաւ, որ «Շնորհալի» երգչախումբը տարիներ շարունակ ծաղկեցուցած ու պանծացուցած է հայ երգը, մանաւանդ՝ հայ հոգեւոր երգը, մասնակից դառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան իրականացման: Ս. Պատարագի երգեցողութեան կողքին, երգչախումբը նաեւ հանդէս կու գայ ազգային ու ժողովրդական երգերով՝ հայկական ու տեղական բեմերէն։ Վերջապէս, հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետին հոգատարութիւնը՝ երգչախումբին առաքելութեան ծաւալման աշխատանքներուն մէջ։
«Շնորհալի» երգչախումբին երգացանկը պարունակեց «Նոր Ծաղիկ»՝ մենակատարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ տուտուկի ընկերակցութեամբ Գ. Քէշիշեանի, «Ո՞վ է Որպէս»՝ մենակատարութեամբ Ղազար Քէօշկէրեանի եւ շուիի ընկերակցութեամբ Գ. Քէշիշեանի, «Իմաստութիւն», «Ձօն», «Այսօր Անճառ», «Քահանայք» եւ «Ի Վերին Երուսաղէմ», փունջ մը շարականներ՝ «Յիշեսցուք», «Անբաժանելի», «Առաւօտ Լուսոյ», «Առաքելոյ Աղաւնոյ», «Որ Պատուեր Զօրութեամբ», «Արեգակն Արդար», ինչպէս նաեւ՝ «Գովեա Երուսաղէմ», «Նայեաց Սիրով», «Նորաստեղծեալ», «Օրհնեալ է Աստուած», «Որ Զխորհուրդ», «Ամէն Հայր Սուրբ», «Ի քէն Հայցմենք» եւ «Ետուր Ըմպել», որոնք գրուած ու մշակուած են մեծ սուրբին կողմէ։ Նշենք, որ մէջ ընդ մէջ Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի փոքրիկներէն երեք անդամներ «Հաւատով Խոստովանիմ»էն հատուածներ արտասանեցին։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին «Պահպանիչ» աղօթքով։