Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Թորոնթոյի Համալսարանի Սուրբ Երրորդութիւն մատուռին մէջ ներկայացուց «Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եւ Միջ-Եկեղեցական Շարժումը» նիւթը՝ կազմակերպութեամբ Վարդապետ Ճեֆրի Ռետիի՝ ղեկավար Թորոնթոյի համալսարանի «Թիրինիթի» քոլէճի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին Ուղղափառ Քրիստոնէութեան դպրոցին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, ուստի խօսք առաւ Հայր Ճեֆրի Ռետին, որ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին ու հակիրճ ներկայացուց Հայրապետին ներդրումը միջ-եկեղեցական մարզին մէջ, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց Հայրապետը՝ բարի ունկնդրութիւն մաղթելով ներկաներուն եւ առանց ուղիղ հետեւողներուն։
Հայրապետը ներկայացուց Ս. Ներսէս Շնորհալիին կեանքն ու աւանդը ու չորս հիմնական մակարդակներու վրայ ՝ աստուածաբանական, եկեղեցաբանական, եկեղեցւոյ միասնութեան եւ վերջապէս՝ միջ-եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական ներկայ փուլին՝ մատնանշելով Ներսէս Շնորհալիին հեռատեսութիւնը շարժումին ընդմէջէն եկեղեցիներուն միութեան ու կարեւորեց եկեղեցիներու միութիւնը։
Աւարտին, հարց-պատասխանի ճամբով, Հայրապետը աւելի խորացաւ նիւթին շուրջ։