Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Մարալ Նազարեան եւ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցան Վեհափառի Հայրապետին հետ։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութեանց քաղաքական իրավիճակն ու առկայ ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան Գանատայի հայ համայնքի ու Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։