ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ Ա.Մ.Ն.Ի ՄՕՏ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Ապա, Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Սիմոն Քարամը։   Յիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Լիբանանի ընկերատնտեսական կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ, Ռայի Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչը՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը։   Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին վրայ։ Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց անցնող շաբթուան ընթացքին Պքերքէին ունեցած խորհրդակցութիւնները յիշեալ հարցին գծով։ Որոշուեցաւ Հայրապետին եւ Պատրիարքին միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակել։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Քուէյթի «Սալուա Սապահ» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին Քուէյթի Ազգային Վարչութեան կազմակերպած պաշտօնական ճաշկերոյթը, որ քուէյթահայութիւնը համախմբեց Հայրապետին շուրջ, գեղեցիկ երեկոյով մը եզրափակելով Նորին Սրբութեան Քուէյթ կատարած հովուապետական հնգօրեայ այցելութիւնը: Ընթրիքին ներկայ էին Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ, դեսպաններ, պաշտօնական հիւրեր, քուէյթահայ ազգայիններ, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ…