ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի «Բլազա Վոլարէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

 

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Մոնթրէալի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատւոյ հիւպատոս Պրն. Լեւոն Աֆէյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Պրն. Գրիգոր Մահսէրէճեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկ. Ծովիկ Թերզեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ։

 

Ճաշկերոյթի հանդիսավար Տիկ. Արազ Եաղճեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ անոր նուիրուածութեան եւ ծառայութեան համար։

 

Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին երգչուհի Տիկ. Յասմիկ Գասբարեան եւ դաշնակահար Պրն. Խաչատուր Ղազարեան։

 

Ապա, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Տիկ. Յարութիւնեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ փոխանցեց իր սրտի խօսքը։

 

Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան Ճաշկերոյթին յաջողութեան համար։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի Սփիւռքի հզօրացման։ Սրբազանը նշեց, որ Հայրապետը, Սրբատառ Կոնդակով, անցնող երկու տարիները Սփիւռքի տարի հռչակեց. «Եթէ Սփիւռքը զօրաւոր է, Հայաստանը զօրաւոր կը մնայ։ Եթէ Սփիւռքը զօրաւոր է, Արցախը զօրաւոր կը մնայ», եզրակացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

 

Ճաշկերոյթին նաեւ գնահատուեցան Մեծն Մոնթրէալի հայ գաղութին երկարամեայ ծառայողներ։ Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ «Կիլիկիան Իշխան»-ի շքանշան ստացան՝ Տիկ.Շաքէ Կէօնճեան, Պրն. Մանուկ Չուխաճեան, «Կիլիկիան Ասպետ»-ի շքանշան ստացան՝ Պրն. Ժան Մկրտիչեան, Պրն. Վիգէն Սարգիսեան, Պրն. Լեւոն Պէնկեան, Տիկ. Հերմինէ Մանուկեան, Պրն. Յակոբ Լախոյեան, եւ «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշան ստացան՝ Պրն. Մհեր Գարագաշեան, Պրն. Թորոս Պապիկեան եւ Տիկ. Տիքի Թորիկեան։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր շքանշանակիրներուն՝ անոնց կատարած երկար ծառայութեան համար։ Գահակալ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինչ որ Անթիլիասի մէջ կը կատարուի, մեր գաղութներուն եւ համայնքներուն ծառայութիւնն է։ Փառք Աստուծոյ, որ գործակից բոլոր միութիւններու եւ հաստատութիւններու նպատակն ալ նոյնն է՝ ծառայել մեր գաղութներուն»։

 

Հովուապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց մեր գաղութներուն դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն մասին. «Մեր հաստատութիւնները ինքնաքննութենէ անցնելով պէտք է իրականութեան յարմարին եւ ի հարկին փոփոխութիւն կատարեն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Խօսքը ուղելով երիտասարդութեան, Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց՝ «Մեր երիտասարդութիւնը միայն մեր ապագան չեն, այլ մեր ներկան են»։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը միութեան կոչ ուղեց՝ մանաւանդ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համար։

 

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։