Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850 ամեակը նշուեցաւ միօրեայ գիտաժողովով։ Այն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ին։
Բացման խօսքը արտասանեց «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ընդգծեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը ու ըսաւ, որ Ս. Ներսէս Շնորհալին արժանի է «պայծառաշող աստղ» կոչումին, քանի որ ամենուրէք լուսաւորած է իր գործերով, իր մեկնողական ժառանգութեամբ, աստուածաբանական գաղափարներով, հայաշունչ շարականներով, ծիսական բարեփոխումներով, հայոց պատմութեան ճակատագրական հանգրուանին իր առած քայլերով եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան մէջ իր դիւանագիտութեամբ։
Գիտաժողովը ընթացաւ երկու մասերով, առաւօտ եւ յետմիջօրէին, եւ հինգ զեկուցաբերներ յաջորդաբար ներկայացուցին Շնորհալի Հայրապետը՝ հետեւեալ կերպով.- Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան ներկայացուց «Ս. Ներսէս Շնորհալի Հովուապետը» նիւթը, փրոֆ. Վահէ Թորոսեան՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալին եւ Կիլիկիան Հայկական Պետութիւնը» նիւթը, Գերշ. Տ. Շական Արք. Սարգիսեան՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի Մեկնիչը», Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի Էքիւմէնիստը», իսկ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի Ծիսագէտ/Շարականագիրը»։
Առաջին նիստին Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան ներկայացուց «Ս. Ներսէս Շնորհալի Հովուապետը» նիւթը, որուն վերլուծման համար օգտագործեց հիմնականօրէն «Թուղթ Ընդհանրական»ը։ Հովուապետին հոգեմտաւոր եւ ղեկավարի կազմաւորման մասին խօսելով, Հայր Պարոյր նշեց, որ Ներսէս Շնորհալի ազդուած է մեծ եղբօրմէն՝ Գրիգոր Պահլաւունի Կաթողիկոսէն, ինչպէս նաեւ Քեսունի կարմիր վանքի վանահօրմէն՝ Ստեփանոս Մանուկ Գիտնականէն։ Ինչ կը վերաբերի Հայրապետին հովուապետական նկարագիրին՝ մեկնելով «Թուղթ Ընդհանրական»էն, հայր սուրբը յայտնեց, որ յորդորներով լեցուն այս Թուղթին մէջ կը դրսեւորուի Կաթողիկոսին հովիւի շունչը, եկեղեցւոյ մասին իր տեսլականը եւ ծառայութեան իր մօտեցումը, ինչպէս նաեւ կ՚երեւի իր հօտին լաւապէս ճանչցող եւ քաղաքական կացութենէն քաջատեղեակ ըլլալը։ Ապա, Հայր Պարոյր անդրադարձաւ այն կարեւոր դէպքերուն եւ հանգրուաններուն, որոնք որոշիչ դեր եւ ազդեցութիւն ունեցած են Ս. Ներսէսի «Թուղթ Ընդհանրական» նամակին վրայ։
Երկրորդ նիստին, Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի գիտաշխատող փրոֆ. Վահէ Թորոսեան զեկուցեց «Ս. Ներսէս Շնորհալին եւ Կիլիկիան Հայկական Պետութիւնը» նիւթը։ Ան պատմական ակնարկ մը նետեց նախքան Գրիգոր Բ.ի՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի եղբօր, Կաթողիկոս ընտրութիւնը, որմէ ետք անդրադարձաւ Շնորհալի Հայրապետին դիւանագէտի առաքելութեան։ Փրոֆ. Թորոսեան յայտնեց, որ Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք, Բիւզանդական Կայսրութիւնը թիրախ դարձուցած էր Կաթողիկոսութեան տկարացումը եւ հիմնականօրէն կը հետապնդէր Քաղկեդոնի դաւանանքի պարտադրումը։ Այս ծրագիրին յաջողութեան համար կայսրութիւնը դիմած էր հայրապետանոցը Կոստանդնուպոլիս աքսորելու, Կաթողիկոսի ընտրութիւնը արգիլելու, հայ իշխանները կայսրութեան մայրաքաղաք կանչելով Քաղկեդոնի ընդունումը պարտադրելու։ Եկեղեցիներու միութեան անյաջող փորձերէ ետք եւ ընդառաջելով Կարսի թագաւոր Գագիկ Բ.ի խնդրանքին, Կայսրը վերջապէս արտօնած էր Կաթողիկոսի ընտրութիւնը, որուն հետեւանքով ընտրուած էր Գրիգոր Բ.ը՝ Ներսէս Շնորհալիի եղբայրը։ Թորոսեան խօսեցաւ Ռուբինեան Իշխանապետութեան բացակայութեան՝ Կաթողիկոսութեան քաղաքական պատասխանատուութեան ստանձնումին եւ այդ առաքելութեան սկզբունքներուն մասին, որոնք կ՚արտացոլան եկեղեցւոյ՝ Կիլիկիոյ հայկական պետութեան ստեղծման ակունքներուն մէջ ըլլալը եւ Ներսէս Շնորհալիին՝ պետականութիւն կերտած հայ հոգեւորականի կերպար ըլլալը։
Երրորդ նիստին «Կիլիկիա» մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ներկայացուց «Ս. Ներսէս Շնորհալի Մեկնիչ» թեման։ Ան ամփոփ կերպով նկարագրեց Շնորհալի Հայրապետի մեկնողական գործունէութիւնը՝ մեկնելով Մատթէոսի Աւետարանին անոր մեկնութենէն, հաստատելով, որ Հայրապետին գործերուն գրեթէ բոլոր էջերուն վրայ Սուրբ Մատեանին ուղղակի, անուղղակի, մասնակի կամ յարասական, պարզաբանական կամ բացատրական դրսեւորումները կը գտնենք։ Խօսելով մեկնողական արուեստին մասին, սրբազանը նախ բաղդատական մը ըրաւ մեկնութեան ու մեկնաբանութեան միջեւ ու ակնարկ մը նետեց նախաշնորհալիական մեկնողական գործունէութեան վրայ, որմէ ետք խորացաւ Հայրապետին մեկնողական աշխատանքներուն մէջ՝ ընդգծելով անոր գործերուն արժէքը։ Սրբազանը ըսաւ, որ Շնորհալի մեկնիչին մեկնողական ժառանգութիւնը հարուստ է ու ցարդ իր դարմութիւնը կը պահէ, ու նշեց, որ Հայրապետը «Արծաթ դարու» պայծառագոյն դէմքերէն մէկն է՝ իր գրական ստեղծագործութեան թէ՛ քանակական, թէ՛ որակական եւ թէ՛ խորքային դիտանկիւներով։
Կէսօրին, գիտաժողովի մասնակիցները վանական ճաշով հիւրընկալուեցան Կաթողիկոսարանի սեղանատան մէջ:
Չորրորդ նիստին զեկոյց ներկայացուց Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, նիւթ ունենալով «Ս. Ներսէս Շնորհալի Էքիւմէնիստը»։ Ան դիտել տուաւ, որ Շնորհալի Հայրապետին միջ-եկեղեցական գործունէութիւնը հայ ազգին համար եկեղեցական եւ քաղաքական կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրելու կողքին՝ զայն կը դնէ համաշխարհային էքիւմենիզմին կեդրոնը. Նարեկ Սրբազան մէջբերեց Շնորհալիի վախճանման 800 ամեակին առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոսի (այն ժամանակ՝ վարդապետի) ստորագրած յօդուածին հետեւեալ տողերը.- «Շնորհալի մեր այսօրուան էքիւմենիզմը կանխած է ութ դարերով։ 20-րդ դարը ապրած է 12-րդ դարուն մէջ»՝ ընդգծելու համար սուրբին թէ՛ իմաստութիւնը, թէ՛ ալ յառաջապահ ըլլալը։ Սրբազանը առաւելաբար խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ լատին, յոյն եւ ասորի եկեղեցիներուն հետ յարաբերութիւններուն մասին ու Շնորհալիի գործունէութիւնը գնահատեց եօթը բնագաւառներու ընդմէջէն։
Հինգերորդ նիստին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան զեկուցեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի Ծիսագէտ-Շարականագիրը» նիւթը։ Սրբազանը խօսեցաւ Հայրապետին ծիսական բարեկարգութեան եւ շարականագրական յօրինումներու գործունէութեան մասին՝ նշելով, որ Շնորհալի պրպտեց ու հաւաքեց հին դարերու հայ եկեղեցւոյ պաշտամունքին ժամագիրքի մեր հեղինակներուն գործերը, աղօթքները, շարականները եւ ձեռնարկեց անոնց շունչին տակ նոր ժամակարգութիւն մը յառաջացնելու, որ ուղեցոյց պիտի դառնար, դարեր ետք եւ բոլոր ժամանակներուն համար։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Գիրքին քաջածանօթ էր ու տիրապետած էր բանաստեղծական տաղաչափական արուեստին, որուն համար կարողացաւ իրագործել ծիսագիտական ու շարականագրական վիթխարի գործը։ Նկատի ունենալով, որ Շնորհալի օգտագործած է ամբողջ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ատաղձը, սրբազանը վստահեցուց, որ ան կորուստէ փրկած է բազմաթիւ ձեռագիրներ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միօրեայ գիտաժողովի աւարտական նիստին, կատարեց ամփոփ եզրակացուցիչ վերլուծական մը եւ իր պատգամը փոխանցեց։
Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Շահան սրբազանին, որուն ղեկավարութեամբ իրականացաւ այս գիտաժողովը, ինչպէս նաեւ՝ դասախօսներուն եւ Դպրեվանքի Ընծայարանի սաներուն։ Վերջիններս զեկոյցներու աւարտին Շնորհալի Հայրապետին հոգեւոր գանձերէն, շարականներէն ու աղօթքներէն պատառիկներ մատուցեցին։
Ապա, ընդգծեց, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան էջերուն վրայ մնայուն ներկայութիւն եղած է, ներկայութիւն է եւ պիտի ըլլայ։ Ան նշեց, որ արժեւորում կատարելու համար հարկ է համապարփակ ու իրապաշտ կերպով մօտենալ անձի կամ դէմքերու՝ զանոնք դիտելով իրենց ժամանակին ու միջավայրին մէջ։ Այս ըսելով, ան ընդգծեց, որ Կիլիկեան աշխարհը մեր պատմութեան մէջ նորութիւն մըն էր մեզի համար՝ տարբեր Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ՝ պարտադրուած իրականութիւն մը, ուր ստիպուած էինք օտարին հետ միասին ապրիլ, ուստի պատմաբաններ Շնորհալի Հայրապետին կեանքն ու վարքը պէտք է դիտեն այս պրիսմակէն, նշեց ան։ Նորին Ս. Օծութիւնը շարունակեց, ըսելով, որ Ն. Շնորհալին եկեղեցւոյ մտածողութիւնը, ներկայութիւնը, ծառայութիւնը դուրս բերաւ վանքի նեղ սահմաններէն ու տարաւ ժողովուրդին։ Ասիկա ցցուն կերպով կը տեսնենք մեր ծէսի արդիականացման ու ժողովրդականացման մէջ։ Շնորհալին ծէսը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձուց, որովհետեւ տեսաւ, որ ժողովուրդին ինքնութեան պահպանման մէջ վճռական դեր ունէր եկեղեցին, հաստատեց Հայրապետը։
Անդրադառնալով եկեղեցւոյ միութեան հարցին, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ խնդիրը գոյութիւն ունէր Շնորհալի Հայրապետէն առաջ եւ ունեցաւ անկէ ետք, հետեւաբար պէտք է լայն հասկացողութեամբ նայիլ հարցին ու հասկնալ, որ Քաղկեդոնի մեր մերժումը նաեւ մեր ժողովուրդին ինքնուրոյնութիւնը պահելու համար էր, որուն մէջ մենք տեսանք մեր գոյութեան երաշխիքը։ Արամ Ա. դիտել տուաւ, որ Շնորհալի Հայրապետ կը կարեւորէր եկեղեցիներու միութիւնը, սակայն մեկնելով հայ ժողովուրդի անվտանգութեան պահպանումէն։ Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանական կեցուածքը որեւէ ժամանակէ եւ ոեւէ Հայրապետէ աւելի յստակ ու պարզ եւ ամբողջական կերպով Շնորհալի բանաձեւած ու արտայայտած է՝ երկու աստուածաբանական բնոյթ ունեցող գրութիւններու՝ «Գիր Հաւատոյ Խոստովանութեան»ի եւ «Սահմանք Հաւատոյ»ի ճամբով։ Վեհափառ Հայրապետը ընդծեց, որ Շնորհալիի մօտեցումը եկեղեցակեդրոն ու դաւանակեդրոն չէր, այլ՝ քրիստոսակեդրոն։
Վերջաւորութեան, Նորին Սրբութիւնը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի աւանդը՝ հայ եկեղեցւոյ վերանորոգում եւ վերակարգաւորում, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ծաւալում եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւն ուղենշային դիտարկումներով։
Նշենք, որ գիտաժողովը ուղիղ սփռուեցաւ Cilicia TV-ի facebook-ի էջէն եւ youtube-ի կայանէն։