8 June, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։

 

Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան։

 

Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Անահիտ Յարութիւնեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։

 

Դեսպանւհին նախ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան, որ ընդառաջեց եւ այցելեց Օթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։

 

Ապա, Հայրապետը ըսաւ. «Տարբեր մօտեցումները պէտք չէ շփոթել մեր միասնականութեան հետ։ Տարբերութիւններ կան, սակայն հիմնական եւ ընդհանրական հարցերու շուրջ պէտք է մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքը արտայայտէ»։

 

«Այդ սկզբունքով է, որ կը գործէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը։ Մենք որպէս Հայաստանի քաղաքացի նոյն կամքը կ՚արտայայտենք», եզրակացուց դեսպանուհին։