«ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ»՝ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի վրայ՝ Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, իր 50-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքին, Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան, ազգային երգերու համերգով մը բեմ բարձրացաւ «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ։

 

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկիզբ առաւ ձեռնարկը, որմէ ետք բացման խօսք արտասանեցին երգչախումբի անդամներէն Թամար Գուճանեան Նազարեանն ու Շողիկ Եփրեմեանը։ Անոնք ըսին, որ ազգային երգերը ներշնչման աղբիւր են մեր քաջարի հայորդիներուն համար եւ հարկ է վառ պահել այդ շունչը՝ հակառակ օտար ազդեցութիւններուն։ Թէկուզ ներկայիս վերիվայրումներ կ՚ապրի մեր հայկական ներկան, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայը միշտ ալ կարողացած է իր գոյութիւնը պահել. անոնք շարունակեցին ըսելով, որ անկախութիւնը կը վերահաստատուի շնորհիւ պայքարի ոգին արթուն պահող երիտասարդներու։ Վերջապէս, կարեւորեցին հայկական մշակոյթին պահպանումն ու շարունակականութեան ապահովումը, որուն համար «Շնորհալի»-ն այս համերգին հանդէս կու գայ փունջ մը ազգային երգերով։

 

Յստակ էր հանդիսատեսներուն խանդավառութիւնը հնչած երգերով, որոնց շարքին էին «Կամաւորի Երգ»-ը՝ Ղազար Քէօշկէրեանի մեկնաբանութեամբ, «Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»՝ Յովիկ Թաֆրանեանի կատարողութեամբ եւ «Ձայն Մը Հնչեց»՝ Արման Տէր Պետրոսեանի երգեցողութեամբ։

 

Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը առաւօտուն հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ յատուկ տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական օծման 28-րդ տարեդարձը, «Շնորհալի» երգչախումբը անակնկալ մը պատրաստած էր Հայրապետին, որ բանաստեղծութիւն մըն էր՝ ձօնուած Արամ Ա. Կիլիկիոյ Հայրապետին. զայն արտասանեց Վարդի Սալխանեանը։

 

Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը բեմ բարձրացաւ ու իր գնահատանքը յայտնեց «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներուն եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, ինչպէս նաեւ՝ խմբավար հայր սուրբին։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցման կարգով ըսաւ, որ ազգային երգերը սովորական երգեր չեն, այլ անոնց մէջ կը բաբախէ հայկականութիւն՝ իր երկունքներով եւ թռիչքներով։ Հայութիւնը իր հարազատ էութեամբ, գոյութենական պայքարով, անցեալով, ներկայով եւ ապագայի տեսլականով մեր երգերուն մէջ են։ Հետեւաբար, սովորական արուեստի իմաստով պէտք չէ երգենք մեր երգերը, այլ պէտք է ապրինք զանոնք, ըսաւ ան։ Հայրապետը քաջալերեց, որ հայ ընտանիքներուն մէջ, մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ, մեր ազգային երգերը մնայուն ներկայութիւն ըլլան, որպէսզի անոնց շունչով մենք ապրինք ու մեր հայութիւնը աւելիով ամրապնդենք, եզրափակեց իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը։

 

Աւարտին, բոլոր ներկաները միասնաբար, յոտնկայս, երգեցին «Կիլիկեան Ուխտի» Հայրապետական մաղթերգը։

 

Յայտնենք, որ համերգը ուղղակիօրէն հեռարձակուեցաւ Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի Facebook-ի եւ Youtube-ի էջերուն միջոցաւ։