ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ 850-ԱՄԵԱԿԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած Ս. Աթոռիս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակի հրապարակումին ընդառաջ, նախ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Սրբազան համերգ եւ գիտաժողով իրականցնելէ ետք, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի նախաձեռնած գիտաժողովին, յանուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը («Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ), 21 Յունիս 2023-ին:

 

Սրբազանը, բացման պահուն Տէրունական Աղօթքը արտասանելէ ետք, ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին Օրհնութեան Գիրը: Վեհափառ Հայրապետը իր Օրհնութեան Գիրին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Բարձր կը գնահատենք ու ջերմօրէն կ՚ողջունենք՝ հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրապետներէն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակին առիթով Մաշտոցեան Մատենադարանին կողմէ կազմակերպուած ներկայ միջազգային գիտաժողովը։

 

«Ծանօթ իրողութիւն է, որ Շնորհալի Հայրապետը իր եզակի ստեղծագործական վաստակով կարեւոր ներդրում բերած է մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան, դաւանաբանական կեցուածքին, ծէսի կազմաւորման եւ ընդհանրապէս հայ մատենագրութեան հարստացման։ Վստահ ենք, որ ներկայ գիտաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ վերլուծելու Ներսէս Շնորհալիի իւրայատուկ տեղը հայ մատենագրութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի «Արծաթէ Դար»ուն մէջ»։

 

Այս առիթով Շահան Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբութեան Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակէն յատուկ օրինակ մը նուիրեց Մատենադարանին, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու բաժնուեցաւ Արամ Վարդապետի Շնորհալի Աստուածաբան Էքիւմենիստի վերաբերող ուսումնասիրութիւնը գրքոյկէն եւ անգլերէն ընդարձակ աշխատասիրութենէն՝ «Saint Nerses The Gracious And Church Unity» օրինակներ:

 

Նշենք, որ սրբազան հայրը զեկուցեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի Աստուածաշունչ Մատեանի Մեկնիչը» նիւթը եւ մասնակցեցաւ երեք օրերու քննարկումներուն, իսկ փակման նիստին իր գնահատանքի խօսքն ու առաջարկները ներկայացուց: