«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի նախագահական ապարանքին մէջ, Շաբաթ 24 Յունիս 2023-ին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը («Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ) իր մասնակցութինը բերաւ:
Ժողովը հիմնականին մէջ լսեց եւ քննարկեց 2022 տարուան իրագործուած ծրագիրներուն եւ անոնց տնտեսական հաշուետուութեան մասին, հաստատեց 2023 տարուան պիւտճէն, ինչպէս նաեւ վաւերացուց վերանորոգուած կանոնագրութիւնը՝ նախորդ տարուան քննարկումներէն եւ յատուկ յանձնախումբի կողմէ վերատեսութեան ենթարկուելէ ետք:
Նշենք, որ մեր Ս. Աթոռը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հիմնադիր անդամ է եւ անցնող տարիներուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է եւ կը շարունակէ զօրակցիլ մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց: