Դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւնը հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ծառայութեան համար նուիրական աստիճան ստանալու առաջին քայլերն են։ Այս տարի 15 նոր ընծաներ կը միանան հայ եկեղեցւոյ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու դասուն, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Գերաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ, եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Ազատ Աբեղայ Ֆիլիքեանի։
Արդարեւ, կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան Մինաս Ճանսըզեան, Յակոբ Սրապոնեան, Յովհաննէս Պայտունեան եւ Աբրահամ Պայտունեան. իսկ դպիր՝ Յովիկ Խաչիկեան, Հրաչ Պէրպէրեան, Պետրոս Պետրոսեան, Քրիստափոր Գայէշեան, Ժան Օքչաօղլեան, Համբիկ Գալըպճեան, Յակոբ Դանիէլեան, Յակոբ Պուճիքեան, Արմէն Չափարեան, Գրիգոր Իսքէնեան եւ Ալպէր Տիէպ։
Արարողութեան աւարտին, ձեռնադրիչ Շահան սրբազան իր պատգամը փոխանցեց` մեկնելով ձեռնադրութեան ընթացքին կարդացուած Մարկոսի Աւետարանէն (Մր 10.15), ուր կը նկարագրուի Յիսուսի ջերմ վերաբերմունքը մանուկներուն հանդէպ` եզրակացնելով. «ով որ Աստուծոյ Արքայութիւնը չ՚ընդունիր մանուկի մը պէս, չի՛ կրնար հոն մտնել»:
Ապա, սրբազան հայրը պարզաբանեց բնաբանին բառերը. «Աստուծոյ արքայութիւն»ը՝ Անոր կամքն ու ներկայութիւնն է, «ընդունիլ»՝ համաձայնիլ եւ հնազանդիլ, «մանուկ»ը՝ յարաբերաբար իր ծնողքը՝ հայրն ու մայրը կը ճանչնայ որպէս տէր, պաշտպան եւ հոգատար՝ զինք սիրող: Այս նոյն սկզբունքով, մեր Աստուածը մեզի կը ներկայանայ հիմնական երեք յատկանիշերով: Ուրեմն, անհրաժեշտ է փոխակերպուիլ՝ մանկանալ, ուրախութեամբ վստահիլ Տիրոջ, Իրեն յանձնուիլ, Իր կոչին ու Իր կամքին ընդառաջ երթալ, որպէսզի Արքայութեան ժառանգորդ ըլլանք:
Ձեռնադրութիւնը կը կատարուի որպէս ընդառաջում Տիրոջ հրաւէրին, սակայն պէտք է գիտակցիլ մեր կեցած տեղին՝ սրբութեան, որ Արքայութեան նախամուտն է, ուր կը վարժուինք հաւատքով, լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ մասնակցիլ պաշտամունքին, որ ամէն հաւատացեալի նուիրական պարտականութիւնն է, առաւելագոյն չափով դպրեվանեցի ժառանգաւորներուն եւ ընծայարանականներուն, որոնք Տիրոջ ու Իր ժողովուրդին ծառայութեան կը պատրաստուին:
Այս առթիւ ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալները, Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը՝ յաջողութիւն մաղթելով Տիրոջ անդաստանին հաւատաւոր նոր մշակներու պատրաստութեան աշխատանքին մէջ:
Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները։