7 June, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՃԱՍԹԸՆ ԹՐՈՒՏՈՅԻ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի հետ, Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի երեկոյեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ճոլի, Գանատայի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուդան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան։

 

Հանդիպման առանցքը կազմեց՝ Արցախին ներկայ իրավիճակը, Ազրպէյճանի շրջափակումը եւ Գանատայի դիրքորոշումը՝ ԵԱՀԿ-ի միջոցով խաղաղ եւ արդար լուծման խթանման, որ հիմնուած է Հելսինքիի մէջ կնքուած Եզրափահակիչ Աքթին սկզբունքներուն վրայ՝ ներառեալ ինքնորոշման սկբզունքը։ Անոնք նաեւ արծարծեցին՝ Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութեան հզօրացման, Միջին Արեւելքի մէջ հայկական գաղութներուն վերաբերեալ հարցերուն եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ համակեցութեան եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան խթանման կարեւորութեան մասին։

 

Նորին Սրբութիւնն ու Գանատայի Վարչապետը յայտնեցին փոխադարձ երախտագիտութիւն եւ արտայայտեցին խաղաղութեան, արդարութեան եւ հանդուրժողականութեան համար պայքարելու իրենց յանձնառութիւնը։ Անոնք նաեւ ընդգծեցին մարտահրաւէրներու լուծման համար իրենց մնայուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը