12 June, 2023

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 11 Յունիսի առաւօտուն, Հայրապետական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Հայրապետին առընթերակայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը։

 

Յընթացս պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը մէջ յաւուր պատշաճի խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն ելքի պատգամին մասին՝ ընդգծելով այն հոգեւոր ու մեծագոյն յեղափոխութիւնը, որ Լուսաւորիչ բերաւ Հայաստան աշխարհ։ Հայրապետը յորդորեց հայորդիները չկորսնցել այդ Աստուածային լոյսն ու յոյսը՝ դուրս գալու ներկայ խորվիրապային իրավիճակէն։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ մեր պատմութեան ամէնէն տագնապալից պահերուն իսկ չդադրեցանք կառչիլ հաւատքին՝ մեր գոյութիւնը դարձնելով հրաշքի համազօր, առ այդ, թէպէտեւ հայկական ներկայ իրավիճակը Խոր Վիրապին խաւարին նման խաւարամած է, հարկ է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նման գօտեպնդուիլ հաւատքով եւ Աստուծոյ զօրութեամբ հզօրացած դուրս գալ ներկայ խոր վիրապէն. «Գրիգոր Լուսաւորչի կեանքին այս դէպքը մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնայ պատգամ. պատգամ՝ ո՛չ միայն Խոր Վիրապը ապրելու, այլ խորվիրապեան մեր տագնապը, տառապանքը Աստուածային լոյսով լուսաւորելու մեր ժողովուրդի կեանքը, լուսաւորելու բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ սփիւռս աշխարհի»։