31 May, 2023

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ «ԹԱԳԱԴՐՄԱՆ ԾԷՍԸ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 06:30-ին, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իր բնոյթին մէջ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը՝ «Թագադրման Ծէսը Կիլիկեան Հայաստանի Մէջ» վերնագիրով, զոր ներկայացուց Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի գիտաշխատող փրոֆ. Վահէ Թորոսեանը: Դասախօսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիկիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը, Դպրեվանքի ընծայարանական սաները եւ յիշեալ նիւթով հետաքրքրուած անձեր:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեանը, որ անդրադառնալով դասախօսութեան իւրայատկութեան՝ ըսաւ. «Դասախօսութիւնը իւրայատուկ կ’որակեմ, որովհետեւ այս նիւթին մասին նախապէս չէ խօսուած կամ այսքան մասնագիտական ներկայացում չէ ունեցած։ Դասախօսութիւնը իւրայատուկ է նաեւ այն իմաստով, որ անոր առաջին ներկայացումը տեղի կ’ունենայ նոյնինքն Կաթողիկոսարանէն ներս, ինչ որ մեծ ուրախութիւն ու հպարտութիւն է մեր Ս. Աթոռին համար»: Ապա, հայր սուրբը հակիրճ կենսագրականը ներկայացուց փրոֆ. Վահէ Թորոսեանին: Դպրեվանեցիներ երգեցին «Թագաւոր երկնաւոր» շարականը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսը:

 

Փրոֆ. Թորոսեան իր դասախօսութիւնը ներկայացուց արհեստագիտութեան օժանդակութեամբ (Power Point) եւ իր զեկոյցը ճոխացուց նիւթին աղերսուած հայկական մանրանկարներէ զատուած հետաքրքրական նմուշներով: Ան պատմական ակնարկով մը ներկաները տեղափոխեց հայոց պատմութեան անցեալի թագաւորական իշխանութեան ժամանակները: Թագաւորութեան եւ թագի ստանձնումի տարբեր ձեւեր, թագադրման կարգին, ծէսին, օծման եւ յարակից խնդիրներ, պատմամատենագրական տուեալներու հիմնաւորումներով ու մասնագիտական վերլուծումով, սակայն դիւրահաղորդ բացատրութիւններով, հրամցուեցան ներկաներուն: Մանրամասնօրէն խօսեցաւ Սսոյ Հայր Մաշտոցին (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրական հարստութենէն) եւ թագադրման կանոնի սկզբնաւորութեան, թարգմանութիւնը լատինական եւ բիւզանդական աւանդութիւններէն, բնագիրները, փոփոխութիւնները, յատկապէս Կիլիկիոյ հայկական պետութեան ժամանակաշրջանին ընթացակարգը եւ հայկականացումը:

 

Աւարտին, փրոֆ. Թորոսեան սիրայօժար լուսաբանեց ներկաներուն հարցումները:

 

Յանուն Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկաներուն շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք արտասանեց մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը` շեշտելով, որ Կաթողիկոսարանին կողմէ նմանօրինակ կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող դասախօսութիւններ կազմակերպելը կը ձգտի մեր պատմութիւնը խորապէս ճանչնալ, ո՛չ միայն անցեալը հասկնալ, այլ մանաւանդ մեր ապագային հանդէպ լաւատես գիտակցութիւն ձեւակերպել:

 

Ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել, թէ փրոֆ. Վահէ Թորոսեան սոյն նիւթը ամբողջական աշխատասիրութեամբ ծրագրած է մօտիկ ապագային հատորով մը ի լոյս ընծայել։