23 August, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի վեհարանին մէջ ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինը: Կուսակցութեան վարիչ մարմինի ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ վերջին տարիներուն կուսակցութեան շարքերէն ներս յառաջացած զգայնութիւնները ու տարակարծութիւնները արդէն իսկ լուծուած են եւ կազմակերպութիւնը ներքին միասնականութեան ամրացման ու վերանորոգման ընթացքի մէջ է:

 

Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց Ռամկավար կուսակցութեան կազմակերպչական միութիւնը ամրացնելու եւ անոր գործունէութիւնը առաւել կազմակերպելու յանձնառութիւնն ու ճիգը: Միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն, երբ մեր ազգը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ:

 

Ռամկավար կուսակցութեան մարմինը այս առիթով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով Արցախի տագնապին առնչուած իր Հայրապետական պատգամին համար։ Անդրադառնալով յիշեալ հարցին, Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, շեշտեց մեր ազգին ներքին տարբերութիւնները մէկ կողմ ձգելու եւ մեր հաւաքական աշխատանքը Արցախի վրայ կեդրոնացնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: «Արցախի շրջափակումին վերջ տալը եւ Արցախին ինքնորոշման իրաւունքին վերահաստատումը պէտք է կիզակէտը դառնայ իւրաքանչիւր հայուն եւ ողջ հայութեան» շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս: